Լիբանանի ֆութսալի բաժակի մրցաշարքին, քառորդ աւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախանցեալ օր ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը, բաւական հետաքրքրական ճակատումէ մը ետք` 5-4 արդիւնքով յաղթելով Ժամհուրի (կիսախաղ` 2-2):
Այս մրցումը տեղի ունեցաւ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ):
ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Սերժ Մելիքեան (2 կոլ), Աւօ Տոնպուրեան, Անդրանիկ Կարապետեան եւ Վաչէ Ղուկասեան:
Կը շնորհաւորենք ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի խումբը արձանագրուած յաղթանակին եւ այս հանգրուանին հասնելուն համար` նկատի ունենալով, որ խումբը կազմուեցաւ միայն 2 տարի առաջ: