Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ ֆետերասիոնի նախագահ Սելիմ Հաժ Նիքոլայի:
Անոր կ՛ընկերակցէին ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Ժորժ Քուփալի, գանձապահ Ուաէլ Նուրէտտին եւ խորհրդականներ Ուիսամ Շիրի եւ Նեժի Հալլալ:
Այս հանդիպումին ֆետերասիոնը Խիամիիին ներկայացուց այս տարեշրջանին կատարելիք իր աշխատանքները եւ այս մարզը յուզող հարցերը, արծարծուեցան նաեւ այլ նիւթեր:
Կարեւորութեամբ նշուեցաւ նաեւ, որ նախարարութիւնը ո՛չ միայն փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, այլ նաեւ բոլոր ֆետերասիոններուն իր զօրակցութիւնը պէտք է յայտնէ թէ՛ նիւթապէս եւ թէ՛ ալ բարոյապէս: