Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընկերվարութեան Վերադա՞րձը

Փետրուար 14, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Տասնամեակներէ ի վեր աշխարհի դիմագիծը արագօրէն կը փոխուի` բազում ու տարբեր ուղիներով դէպի լուսանցք մղելով երկրագունդի բնակչութեան լայն շերտեր: Վայրի ու վայրագ դրամատիրութիւնը իր աւետած համամարդկային բարօրութեան փոխարէն պարգեւեց համատարած թշուառութիւն. դեռ մօտաւոր անցեալին առողջ հասարակութիւններ հասած են սնանկութեան սեմին, երբ անդին ուրիշներ կը լողան նարգիսական պերճանքի մէջ:

Իրերու այս տխուր ընթացքին համար, դրամատիրական շրջանակներու կողքին, արհամարհելի չէ նաեւ երբեմնի ընկերվարական շարժումներու եւ կուսակցութիւններու պատասխանատուութիւնը: Նախորդ դարու ութսունական թուականներէն սկսեալ անոնք մէկ առ մէկ անձնատուր եղան վատառողջ ձեւով համաշխարհայնացող տնտեսութեան մարգարէներու շինծու տեսութիւններուն, որոնք, այսօր արդէն փաստ է, աշխարհը հասցուցած են նոր աղէտներու նախօրեակին: Ամէնուրեք խաղաղութիւնը արհամարհող ծայրայեղական շարժումները վերելքի մէջ են: Այս կերպարանափոխութենէն զերծ չեն մնար իրենք իրենց ժողովրդավարութեան փարոսի եւ դաստիարակի դերակատարութիւն սահմանած արեւմտեան պետութիւնները:

Ներկայի միջազգային տխուր ու մտահոգիչ հարթակին վրայ յոյսի նշոյլ մը երեւաց, երբ երեք շաբաթներ առաջ Գերմանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Զիգմար Գաբրիէլ ինքնագլուխ եւ բոլորովին անակնկալ կերպով յայտարարեց, թէ աշնան համար նախատեսուած երեսփոխանական ընտրութիւններուն թեկնածուն ինք պիտի չըլլայ, այլ` Եւրոպական խորհրդարանի նախկին նախագահ Մարթին Շուլց: Յաջորդ օրն իսկ կուսակցութեան վարկանիշները հսկայական ոստում արձանագրեցին, իսկ մասնագիտական հաստատութիւններ նախատեսեցին, թէ ուղղակի ընտրութեան պարագային ժողովրդային կամքը լայն  մեծամասնութեամբ իբրեւ վարչապետ (կանցլեր) պիտի ընտրէր Մարթին Շուլցը:

Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական կուսակցութեան մեքենան շուարումի եւ իրարանցումի պահէ մը ետք սկսաւ ընդօրինակել ամերիկեան ընտրապայքարի մեթոտներ` մատնացոյց ընելով ընկերվարական թեկնածուի  ենթադրաբար «քրէական»  գործելաձեւը: Իսկ վարչապետ Մերքել հասկցուց, թէ ինք համաձայն չէ ընտրապայքարի այս ձեւին:

Մարդոց տեսա՞կն է, թէ՞ համաշխարհային վիճակի լրջութիւնն է, որ երկրի պատասխանատուները կը դնէ բարոյական քաղաքականութեան օրէնքներուն հետեւելու պարտադրանքին տակ: Մէկ կողմէն Զ. Գաբրիէլի իբրեւ իր կուսակցութեան երկրի գրաւիչ պաշտօնին համար թեկնածու ներկայանալու անառարկելի իրաւունքէն հրաժարումը, իսկ միւս կողմէ` Ա. Մերքելի ընտրապայքարի ամէն միջոց չընդունելու կեցուածքը, երբ դիմացի նոր թեկնածուն լուրջ կերպով կը վտանգէ իր վերընտրութիւնը: Զոյգ երեւոյթները անհետացած էին եւրոպական քաղաքական բեմէն վերջին տասնամեակներու ընթացքին:

Նոյն ձեւով անհետացած էր ընկերվար կուսակցութիւններու ընկերվար գաղափարաբանութիւնը: Շուլց կրկին կը խօսի ընկերային արդարութեան մասին, իր երկրին մէջ տիրական դարձած անարդարութեան մթնոլորտին մասին, զանց կ՛առնէ վերջին ժամանակաշրջանին իր կուսակցութենէն նե՛րս ալ մուտք գործած շուկայական բառամթերքը: Ակնբախ է, որ Գերմանիոյ հասարակութիւնը իբրեւ ապագայի յոյս կ՛ընկալէ Շուլցի խօսքը: Իր երիտասարդութեան ընթացքին կեանքի դժուար հանգրուաններէ անցած, ուսումը կիսատ թողած, ալքոլի մոլութենէն ինքզինք փրկած եւ մինչեւ Եւրոպայի խորհրդարան հասած եւ անոր նախագահի պաշտօնը յաջողութեամբ վարած Մ. Շուլց առայժմ գոնէ կը գրաւէ վերջին ժամանակները ձանձրոյթ պատճառող Գերմանիոյ քաղաքական առօրեան:

Ներկայ ժամանակներուն, երբ մեծ պետութիւններ կը պատրաստուին իրենք իրենց մորթին մէջ պատսպարուելու, երբ հազարումէկ դժուարութիւններով, համբերութեան ծով քանակներով ու տեւական խաղաղութեան տեսլականով մէջտեղ եկած Եւրոպական Միութիւնը ինքնասպանութեան վտանգը կը դիմագրաւէ, Գերմանիոյ մէջ առողջ ինքնագիտակցութիւն փաստող, Մարթին Շուլցի բերնով  արտայայտուող եւ ուրիշներու կողմէ մեռած յայտարարուած ընկերվարութիւնը իր յարութիւնը կ՛աւետէ` միաժամանակ երաշխաւորելով ցամաքամասին վրայ նո՛յնպէս վտանգուած ժողովրդավարութիւնը:

 

 

 

 

 

Նախորդը

«Հայաստանի Շրջակայ Միջավայրը Յայտնուել Է Ծանր Վիճակում». Արծուիկ Մինասեան

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.». Նիքս Յաղթեց Սփըրզի` «Մետիսըն Սքուեր Կարտըն»-ի Մէջ

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?