«Հորիզոն»
Ա. ՄԱՍ
Ամերիկացի փաստաբան եւ քաղաքական գործիչ Ռապըրթ Ֆ. Քենետի Կրտսեր (Robert F. Kennedy Junior) զաւակն է Ամերիկայի նախագահ Ճոն Քենետիի եղբօր` ծերակուտական Ռապըրթ «Պապի» Քենետիի: Յօդուածագիրը համապարփակ ձեւով կը ներկայացնէ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան բացասական անդրադարձը Միջին Արեւելքի մէջ: Յօդուածագիրը հեղինակ է նաեւ շարք մը գիրքերու, որոնց շարքին` Crimes Against Nature: How George W. Bush and His Corporate Pals Are Plundering the Country and Highjacking Our Democracy: Այս յօդուածը լոյս տեսած է politico.com կայքէջին վրայ:
Ինչո՞ւ Արաբները Սուրիոյ Մէջ
Միացեալ Նահանգներու Ներկայութիւնը
Չեն Ուզեր
Միացեալ Նահանգներու Ներկայութիւնը
Չեն Ուզեր
«Որովհետեւ հայրս սպաննուած էր արաբի մը կողմէ‚ ջանք թափած եմ մասամբ հասկնալու Միջին Արեւելքի վրայ ամերիկեան քաղաքականութեան ազդեցութիւնը եւ մասնաւորաբար այն ազդակները‚ որոնք երբեմն դրդապատճառ կը դառնան իսլամական աշխարհին կողմէ մեր երկրին դէմ արիւնալի հակադարձութիւններու: Մինչ մեր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնենք ՏԱՀԵՇ-ի վրայ եւ կը փնտռենք Փարիզի եւ Սան Պեռնանտինոյի մէջ բազմաթիւ անմեղ զոհեր պատճառած բարբարոսութեան դրդապատճառը‚ պէտք է կրօնի եւ գաղափարախօսութեան դիւրին բացատրութիւններէն անդին նայիլ: Փոխարէնը` պէտք է քննենք պատմութեան եւ քարիւղի աւելի բարդ տրամաբանութիւնները, եւ թէ` ինչպէ՛ս անոնք մեղադրանքի սլաքը կը շրջեն դէպի մեր սեփական ափերը:
«Սուրիոյ Ամերիկայի մէջ բիրտ միջամտութիւններուն անհամ ցուցակը‚ որուն ծանօթ չէ ամերիկացի ժողովուրդը‚ սակայն սուրիացի ժողովուրդը անոր քաջածանօթ է‚ բեղուն ենթահող պատրաստեց բիրտ իսլամական ժիհատականութեան‚ որ ներկայիս կը բարդացնէ ՏԱՀԵՇ-ի մարտահրաւէրը դիմագրաւելու մեր կառավարութեան կողմէ որեւէ ազդու քայլ: Մինչեւ այն ատեն որ ամերիկեան հասարակութիւնն ու քաղաքականութիւն մշակողները այս անցեալէն անտեղեակ կը մնան‚ յաւելեալ միջամտութիւնները կրնան բարդացնել տագնապը: Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրին այս շաբաթ Սուրիոյ մէջ «ժամանակաւոր» զինադադար մը յայտարարեց: Սակայն նկատի ունենալով, որ Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու ազդեցութիւնն ու վարկը տկար են‚ եւ զինադուլը չի ներառեր ՏԱՀԵՇ-ն ու Ժապհաթ Նուսրան‚ լաւագոյն պարագային անկատար զինադուլ մը պիտի ըլլայ: Նոյն ձեւով` նախագահ Օպամայի Լիպիոյ մէջ զինուորական յաւելեալ միջամտութիւնը (ամերիկեան օդանաւեր անցեալ շաբաթ թիրախ դարձուցին ՏԱՀԵՇ-ի մարզումի ճամբար մը) աւելի հաւանական է‚ որ զօրացնէ արմատականները, քան` տկարացնէ: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս «Նիւ Եորք Թայմզ»-ը 8 դեկտեմբեր 2015-ին իր առաջին էջով հաղորդեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի քաղաքական ղեկավարներն ու ռազմավարները կը ծրագրեն ամերիկեան զինուորական միջամտութիւն մը հրահրել, որովհետեւ անոնք փորձառութենէ մեկնած` գիտեն‚ որ այդ մէկը իրենց շարքերը պիտի ողողէ կամաւորներով‚ խեղդէ չափաւորութեան ձայները եւ իսլամական աշխարհը միացնէ Ամերիկայի դէմ:
«Այդ մէկը հասկնալու համար պէտք է պատմութիւնը դիտենք սուրիացիներու տեսանկիւնէն եւ մասնաւորաբար` ներկայ հակամարտութեան սերմերը: 2003-ի Իրաք մեր ներխուժումի ժամանակ, ներկայիս ՏԱՀԵՇ-ի փոխակերպուած սիւննի ըմբոստութիւն մը յառաջացնելէն շատ առաջ, «Սի.Այ.Էյ.»-ը բիրտ ժիհատականութիւնը սնուցած էր որպէս Պաղ պատերազմի զէնք եւ թունաւորած էր ամերիկեւսուրիական յարաբերութիւնները:
«Այդ մէկը չպատահեցաւ առանց ներքին վէճի: Յուլիս 1957-ին‚ Սուրիոյ մէջ «Սի.Այ.Էյ.»-ի կողմէ յեղաշրջումի ձախող փորձէ մը ետք‚ հօրեղբայրս` ծերակուտական Ճոն Ֆ. Քենետին զայրացուց Այզընհաուրի վարչակազմը‚ երկու քաղաքական կուսակցութիւններու ղեկավարները եւ մեր եւրոպացի դաշնակիցները` արաբական աշխարհի ինքնակառավարման իրաւունքին եւ արաբական երկիրներու մէջ Ամերիկայի աշխարհակալական միջամտութիւններուն վերջ տալու կոչ ուղղող կարեւոր ճառով մը: Ամբողջ կեանքիս ընթացքին‚ եւ մասնաւորաբար դէպի Միջին Արեւելք իմ յաճախակի ճամբորդութիւններուս ընթացքին‚ բազմաթիւ արաբներ գնահատանքով կը յիշեն այդ ճառը` իբրեւ Միացեալ Նահանգներէն իրենց ակնկալած իտէալապաշտութեան ամէնէն յստակ յայտարարութիւնը: Քենետիի ճառը կոչ մըն էր Ամերիկան վերստին յանձնառու դարձնելու այն բարձր արժէքներուն‚ զորս մեր երկիրը կը ջատագովէր Ատլանտեան ուխտին մէջ. պաշտօնական խոստում մը‚ որ նախկին եւրոպական գաղութատիրութիւնները Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք ինքնորոշման իրաւունք պիտի ունենան: Ֆրանքլին Տ. Ռուզվելթ Ուինսթըն Չըրչիլի եւ այլ դաշնակից ղեկավարներու ստիպած էր 1941-ին ստորագրել Ատլանտեան ուխտը` իբրեւ նախապայման ֆաշականութեան դէմ եւրոպական պատերազմին Միացեալ Նահանգներու աջակցութեան:
«Սակայն մեծ մասամբ շնորհիւ Ալլեն Տալեսի եւ «Սի.Այ.Էյ.»-ի‚ որուն արտաքին քաղաքական դաւերը յաճախ կը հակասէին մեր երկրին յայտարարած քաղաքականութիւններուն‚ Ատլանտեան ուխտին մէջ նշուած իտէալական ուղին չառնուեցաւ: 1957-ին մեծ հայրս` դեսպան Ճոզեֆ Փ. Քենետի‚ նախագահեց գաղտնի յանձնախումբ մը‚ որուն նպատակն էր հետաքննել Միջին Արեւելքի մէջ «Սի.Այ.Էյ.»-ի ընդյատակեայ գործունէութիւնը: Այսպէս կոչուած «Պրուս-Լովեթ զեկուցում»-ը‚ որ ինք եւս ստորագրած էր‚ բացայայտեց Յորդանանի‚ Սուրիոյ‚ Իրանի եւ Եգիպտոսի մէջ «Սի.Այ.Էյ.»-ի յեղաշրջում կատարելու դաւերը‚ որոնց բոլորին քաջածանօթ էր ամբողջ արաբական հասարակութիւնը‚ սակայն որոնց գրեթէ անծանօթ էր ամերիկացի ժողովուրդը‚ որ երեւոյթներէ դատելով` կը հաւատար իր կառավարութեան հերքումներուն: Զեկուցումը «Սի.Այ.Էյ.»-ը մեղադրեց համատարած հակաամերիկականութեան համար‚ որ օրին խորհրդաւոր կերպով արմատ նետեց «ներկայ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ»: «Պրուս-Լովեթ զեկուցում»-ը նշեց‚ որ այսպիսի միջամտութիւններ կը հակասեն ամերիկեան արժէքներուն եւ առանց ամերկացի ժողովուրդի գիտութեան` վնաս պատճառած են Ամերիկայի միջազգային ղեկավարութեան եւ բարոյական իշխանութեան: Զեկուցումը նաեւ ըսաւ‚ որ «Սի.Այ.Էյ.»-ը երբեք չէ մտածած‚ թէ ինչպէ՛ս պիտի վարուէր այսպիսի միջամտութիւններու հետ‚ եթէ օտար կառավարութիւն մը զայն կատարէր մեր երկրին մէջ:
«Այս է այն միջամտութիւններուն արիւնալի պատմութիւնը, որ Ճորճ Ու. Պուշի‚ Թետ Քրուզի եւ Մարքօ Ռուպիոյի նման արդի ջատագովներէն կը վրիպի‚ երբ կ՛արտասանեն իրենց եսասիրական յանկերգը‚ թէ Միջին Արեւելքի ազգայնականները «մեզ կ՛ատեն մեր ազատութիւններուն համար»: Մեծ մասամբ անոնք մեզ չեն ատեր այդ պատճառով‚ այլ` իրենց հողերուն վրայ այդ ազատութիւններուն‚ մեր քարոզած արժէքներուն դաւաճանութեան համար:
***
«Որպէսզի ամերիկացիները իսկապէս հասկնան‚ թէ ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ‚ կարեւոր է‚ որ աչքէ անցընենք այս աղտոտ‚ սակայն քիչ յիշուող պատմութեան կարգ մը մանրամասնութիւնները: 1950-ականներու ընթացքին նախագահ Այզընհաուրն ու Տալես եղբայրները` «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ալլեն Տալըս եւ արտաքին գործոց նախարար Ճոն Ֆոսթըր Տալըս, մերժեցին Միջին Արեւելքը Պաղ պատերազմին մէջ չէզոք պահելու եւ արաբներուն` արաբական աշխարհին իշխել արտօնելու համաձայնութեան մը խորհրդային առաջարկները: Փոխարէնը` անոնք շղթայազերծեցին ընդյատակեայ պատերազմ մը` ընդդէմ արաբական ազգայնականութեան‚ որ Ալլեն Տալըս համայնավարութեան համահաւասար կը նկատէր‚ մասնաւորաբար երբ արաբական ինքնակառավարումը կը սպառնար քարիւղի մենաշնորհներուն: Անոնք ամերիկեան զինուորական գաղտնի աջակցութիւն տրամադրեցին Սէուտական Արաբիոյ‚ Յորդանանի‚ Իրաքի եւ Լիբանանի մէջ բռնատէրերու` ունենալու համար խամաճիկներ‚ որոնք խորհրդային մարքսիզմի լաւագոյն դարման նկատուող պահպանողական ժիհատական գաղափարախօսներ էին: Ըստ Այզընհաուրի անձնակազմի քարտուղար զօրավար Անտրիւ Ճ. Կուսփէյսթըրի կողմէ կատարուած արձանագրութեան մը‚ սեպտեմբեր 1957-ին‚ «Սի.Այ.Էյ.»-ի ծրագրաւորման տնօրէն Ֆրանք Վայսըրի եւ Ճոն Ֆոսթըր Տալըսի հետ Սպիտակ տան մէջ ժողովի մը ընթացքին Այզընհաուըրը «Սի.Այ.Էյ.»-ի խորհուրդ տուած է. «Պէտք է կարելի ամէն բան ընենք` շեշտելու «սրբազան պատերազմ»-ի երեւոյթը:
«Սի.Այ.Էյ.»-ը Սուրիոյ մէջ իր գործօն միջամտութիւնը սկսաւ 1949-ին` գործակալութեան ստեղծումէն հազիւ մէկ տարի ետք: Սուրիացի հայրենասէրներ նացիներուն դէմ պատերազմ յայտարարած էին եւ վտարած` վիշիական ֆրանսացի գաղութատէրերը եւ ստեղծած` ամերիկեան բնորդի վրայ հիմնուած ժողովրդավարութիւն մը: Սակայն մարտ 1949-ին Սուրիոյ ժողովրդավարական հոլովոյթով ընտրուած նախագահ Շուքրի Քուաթլին տատամսեցաւ վաւերացնելու անդրարաբեան խողովակաշարի ամերիկեան ծրագիրը‚ որուն նպատակը Սէուտական Արաբիոյ նաւթահորերը Սուրիոյ ճամբով միացնելն էր Լիբանանի նաւահանգիստներուն: «Սի.Այ.Էյ.»-ի պատմաբան Թիմ Վայնըր իր «Լեկըսի աֆ էշըզ» գիրքին մէջ կը նշէ‚ որ ամերիկեան խողովակաշարի ծրագրին նկատմամբ Քուաթլիի կեցուածքին հակադարձելով, «Սի.Այ.Էյ.»-ը անոր դէմ յեղաշրջում մը կազմակերպեց` օգտագործելով իր ընտրած բռնատէրը` դատարանի կողմէ դրամաշորթութեան յանցանքով դատապարտուած Հուսնի Զաաիմը: Ան հազիւ ժամանակ ունեցած էր խորհրդարանը լուծարելու եւ ամերիկեան խողովակաշարի ծրագիրը վաւերացնելու‚ երբ իր հայրենակիցները անոր իշխանութեան գալէն 4‚5 ամիս ետք զինք տապալեցին:
«Նորաստեղծ ու անկայունացած երկրին մէջ հակայեղաշրջումներու շարքէ մը ետք‚ սուրիացի ժողովուրդը 1955-ին դարձեալ ժողովրդավարութեան հիմունքներով վերընտրեց Քուաթլին եւ անոր Ազգայնական կուսակցութիւնը: Քուաթլի տակաւին Պաղ պատերազմի մէջ չէզոք դիրք ունէր‚ սակայն իր իշխանութենէն վտարման մէջ ամերիկեան մեղսակցութենէն վիրաւորուած` կը հակի դէպի խորհրդային միասնութիւն: Այդ դիրքորոշումը պատճառ դարձաւ‚ որ «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Տալլըս յայտարարէ` «Սուրիան յեղաշրջումի համար հասունցած է» եւ իր երկու կախարդները` Քիմ Ռուզվելթը եւ Ռաքը Սթոնը ուղարկէ Դամասկոս:
«Անկէ երկու տարի առաջ Ռուզվելթ եւ Սթոն Իրանի մէջ ժողովրդավարական հոլովոյթով ընտրուած նախագահ Մոհամետ Մոսատտեղի դէմ յեղաշրջում կազմակերպած էին, եւ Մոսատտեղ փորձած էր վերստին բանակցիլ բրիտանական քարիւղի հսկայ Անկլօ-իրանեան քարիւղի ընկերութեան (ներկայիս` «Պրիթիշ փեթրոլիում») հետ Իրանի միակողմանիօրէն շահաւէտ պայմանագիրները: Մոսատտեղ Իրանի 4000-ամեայ պատմութեան մէջ առաջին ընտրուած նախագահն էր եւ զարգացող աշխարհի տարածքին, որպէս ժողովրդավար, ժողովրդականութիւն վայելող մը: Մոսատտեղ բրիտանացի բոլոր դիւանագէտները վտարեց‚ երբ բացայայտեց «Պրիթիշ փեթրոլիում»-ի հետ դաւադրաբար աշխատող բրիտանական գաղտնի սպասարկութեան գործակալներու կողմէ յեղաշրջումի փորձը: Մոսատտեղ‚ սակայն‚ մահացու սխալ մը գործեց, երբ մերժեց իր խորհրդատուներու աղաչանքները` վտարելու համար նաեւ «Սի.Այ.Էյ.»-ը‚ որ‚ ինչպէս ճիշդ կերպով կը կասկածէին‚ մեղսակից էր բրիտանական դաւին: Մոսատտեղ իտէալականացուցած էր Միացեալ Նահանգները` իբրեւ Իրանի նոր ժողովրդավարութեան բնորդ եւ հեռու` այսպիսի արարքներէ: Հակառակ Տալլըսի դիմումներուն` նախագահ Հարրի Թրումըն «Սի.Այ.Էյ.»-ին արգիլած էր գործնական կերպով մաս կազմելու Մոսատտեղը տապալելու բրիտանական դաւին: Երբ Այզընհաուր յունուար 1953-ին դարձաւ նախագահ‚ ան անմիջապէս ընթացք տուաւ Տալլըսի: «Էյճեքս» գործողութեան ճամբով Մոսատտեղը իշխանութենէն վտարելէ ետք‚ Սթոն եւ Ռուզվելթ իշխանութեան վրայ հաստատեցին շահ Ռեզա Փահլեւին‚ որ կը նախընտրէր քարիւղի ամերիկեան ընկերութիւնները‚ սակայն «Սի.Այ.Էյ.»-ի հովանաւորութեամբ երկու տասնամեակ իր ժողովուրդին դէմ կատարած վայրագութիւնները ի վերջոյ 1979-ին յառաջացուցին Իսլամական յեղափոխութիւնը‚ որ 35 տարիէ ի վեր դժուարութիւններ կը ստեղծէ մեր արտաքին քաղաքականութեան:
«Ըստ Ճոն Փրատոսի «Սէյֆ ֆոր տեմոքրասի: Տը սիքրիթ ուորզ աֆ տը Սի.Այ.Էյ.» գիրքին‚ Իրանի մէջ իր «Էյճեքս» գործողութեան յաջողութենէն անմիջապէս ետք‚ Սթոն ապրիլ 1957-ին հասաւ Դամասկոս` իրեն հետ ունենալով 3 միլիոն տոլար` զինելու եւ գրգռելու համար իսլամական զինեալները եւ կաշառելու համար սուրիական բանակի սպաներն ու քաղաքագէտները` տապալելու համար Քուաթլիի ժողովրդավարական հոլովոյթի ճամբով ընտրուած աշխարհիկ վարչակարգը: Իսլամ եղբայրներուն հետ գործող եւ միլիոնաւոր տոլարներով զինուած Ռաքի Սթոն ծրագրեց ահաբեկել Սուրիոյ գաղտնի սպասարկութեան պետը‚ սպայակոյտի պետը եւ Համայնավար կուսակցութեան ղեկավարը‚ ինչպէս նաեւ` Իրաքի‚ Լիբանանի եւ Յորդանանի մէջ յառաջացնել «ազգայնական դաւեր եւ գրգռութիւններ»‚ որոնց համար կրնան այպանուիլ Սուրիոյ պաասականները: Թիմ Վայնըր իր «Լեկըսի աֆ էշըզ» գիրքին մէջ կը նկարագրէ, թէ ինչպէ՛ս «Սի.Այ.Էյ.»-ի ծրագիրը սուրիական կառավարութիւնը խախտելն էր եւ պատրուակ ստեղծել Իրաքի եւ Յորդանանի համար‚ որոնց կառավարութիւնները արդէն «Սի.Այ.Էյ.»-ի վերահսկողութեան տակ էին: Ըստ «Տը Կարտիըն» օրաթերթին կողմէ հրապարակուած «Սի.Այ.Էյ.»-ի բացայայտած փաստաթուղթերուն‚ Քիմ Ռուզվելթ կը նախատեսէր‚ որ «Սի.Այ.Էյ.»-ի կողմէ հաստատուած խամաճիկ նոր կառավարութիւնը «առաջին հերթին պիտի ապաւինի բռնաճնշումներու եւ իշխանութիւն բանեցնելու կամայականութեան վրայ»:
«Սակայն «Սի.Այ.Էյ.»-ի ներդրած ամբողջ դրամը չյաջողեցաւ սուրիական բանակի սպաները կաշառել: Զինուորները «Սի.Այ.Էյ.»-ի կաշառքի փորձերէն տեղեակ պահեցին պաասական վարչակարգը: Իբրեւ պատասխան` սուրիական բանակը ներխուժեց ամերիկեան դեսպանատուն եւ ձերբակալեց Սթոնը: Բիրտ հարցաքննութենէ ետք Սթոն պատկերասփիւռէն խոստովանեցաւ Իրանի մէջ յեղաշրջումին եւ Սուրիոյ օրինական կառավարութիւնը տապալելու «Սի.Այ.Էյ.»-ի ձախող փորձին մէջ իր դերակատարութիւնը:
(Շար. 1)