Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Տեմիրթաշը Հրաւիրած Է Պերլին

Փետրուար 7, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գերմանիոյ փոխվարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Զիկմար Կապրիէլ Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան կալանաւորուած համանախագահ Սելահեթթին Տեմիրթաշը հրաւիրած է Պերլին:

Թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Կապրիէլ Տեմիրթաշը հրաւիրած է 12-13 մարտին Պերլինի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդաժողովին, որ կը գումարուի «Կառուցելով մեր ապագան. յանուն ազատ, արդար եւ համերաշխ աշխարհի» խորագիրի տակ:

Պաշտօնական նամակով Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան դիմած Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ իրենց համար մեծ պատիւ պիտի ըլլայ Պերլինի մէջ հիւրընկալել Տեմիրթաշը: «Անհամբերութեամբ կ՛ակնկալեմ քեզ տեսնել մեր մէջ», ըսած է ան:

Զիկմար Կապրիէլի նամակին պատասխանած է քրտամէտ կուսակցութեան արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու, փոխնախագահ Հիշիար Էօզէօզը: Վերջինս նշած է, որ քանի որ Տեմիրթաշ կը գտնուի բանտը, անոր փոխարէն խորհրդաժողովին պիտի մասնակցին կուսակցութեան այլ ներկայացուցիչներ:

Ան նոյն ատեն յայտնած է, որ նամակը փաստաբաններու միջոցով պիտի ուղարկուի Տեմիրթաշին:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահներ Սելահեթթին Տեմիրթաշ եւ Ֆիկեն Եիւքսեքտաղ, ինչպէս նաեւ կուսակցութեան անդամ եւս 10 երեսփոխաններ ձերբակալուած են:

Տիգրանակերտի հանրապետական գլխաւոր դատախազութենէն յայտնած են, որ ձերբակալուածներու դէմ հետաքննութիւն կը կատարուի «զինեալ ահաբեկչական խմբաւորման անդամ ըլլալու, յանցագործութիւն կատարելուն դրդելու եւ ահաբեկչական խմբաւորման քարոզչութիւն իրականացնելու» մեղադրանքով:

Նախորդը

Թուրքիոյ 29 Նահանգներու Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Հետ Կապ Ունեցող Ձերբակալեալներուն Թիւը Հասած Է 820-ի

Յաջորդը

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի. Սպիտակ Տունը Կը Պատրաստուի «Սեպ Խրել» Ռուսիոյ Եւ Իրանի Միջեւ

RelatedPosts

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»
Միջազգային

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»
Միջազգային

Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»
Միջազգային

Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?