Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

22 Ծերակուտականներ Թրամփէն Պահանջած Են Խստացնել Իրանի Դէմ Պատժամիջոցները

February 6, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ծերակոյտի 22 անդամներ, երկու կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, երկրի նախագահ Տանըլտ Թրամփին յղած են նամակ մը` պահանջելով նոր պատժամիջոցներ հաստատել Իրանի դէմ` վերջերս անոր կողմէ կատարուած հրթիռային փորձարկումներուն պատճառով:

«Մենք մտահոգուած ենք այն հաղորդագրութիւններէն, որ Իրան հեռահար հրթիռի փորձարկում կատարած է 29 յունուար 2017-ին», ըսուած է նամակին մէջ, որ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան տրամադրած է Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի աշխատակազմը:

Նամակին հեղինակները կը նշեն, որ այդպիսի փորձարկումները կը խախտեն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2231 բանաձեւը, ըստ որուն, Թեհրան պարտաւոր է չզբաղիլ «հիւլէական մարտագլուխ կրելու կարող հրթիռներու պատրաստութեամբ»:

Նամակը ստորագրած են արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Պապ Քորքըր, յանձնախումբին մէջ աւագ դեմոկրատական Պեն Քարտին, ինչպէս նաեւ ծերակուտականներ Թիմ Քէյն, Ռապըրթ Մենենտես, Մարքօ Ռուպիօ, Լինտսի Կրեմ, Թոմ Քոթոն, Ռապըրթ Փորթմըն եւ ուրիշներ:

Նախապէս Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան խորհրդական Մայքըլ Ֆլին յայտարարած էր, որ Միացեալ Նահանգներ կը դատապարտեն Իրանի կողմէ հեռահար հրթիռի արձակումը եւ կը նկատեն, որ այդ գործողութիւնները կը խախտեն շրջանի անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը, որուն կապակցութեամբ պաշտօնական զգուշացում կ՛ուղղեն Իրանի: «Մենք պաշտօնապէս կը զգուշացնենք Իրանը… Իրան կը շարունակէ սպառնալ Միացեալ Նահանգներուն ու անոր դաշնակիցներուն: Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն դատապարտել Իրանի նմանօրինակ գործողութիւնները, որոնք կը խախտեն Միջին Արեւելքի մէջ անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը եւ պետութիւններու բարգաւաճումը», ըսած է ան:

Իրանի պաշտպանութեան նախարար Հիւսէյն Տեհշան հաստատած էր նոր հրթիռներու արձակումը` նշելով, որ ատիկա չի խախտեր գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրը, որուն շուրջ յուլիս 2015-ին Իրան համաձայնութիւն գոյացուցած էր ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն հինգ անդամներու եւ Գերմանիոյ հետ:

1 փետրուարին Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին ներկայացուած է նոր օրինագիծ մը Իրանի դէմ պատժամիջոցներու վերաբերեալ: Փաստաթուղթը պատրաստուած է չորս քոնկրեսականներու կողմէ, որոնք կը գլխաւորեն Իսրայէլի գործերու խումբը, որ կը գործէ Ներկայացուցիչներու տան հանրապետական խմբակցութեան կազմին մէջ: Մասնաւորաբար, օրինագիծը ուղղուած է Իրանի կողմէ հեռահար հրթիռներու պատրաստութեան ծրագիրին դէմ պայքարին:

Օրինագիծով կը նախատեսուի «նոր պատժամիջոցներ սահմանել իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի եւ «Մահան էր» օդանաւային ընկերութեան դէմ, որ կ՛օգնէ պահակագունդին տարածելու ահաբեկչութիւնը»:

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները Պիտի Վերցնեն Միայն Խրիմը Ուքրանիոյ Վերադարձնելու Պարագային

Յաջորդը

Թուրքիոյ Սադրանքներուն Հակահարուած Տալու Համար. Յունաստան Մարտական Պատրաստականութեան Բերած Է Զօրքը

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
Ամերիկացիներուն Հետ Տակաւին Հանդիպումներու  Կամ Հաղորդակցութիւններու Չգոյութիւնը Նշելով`  Արաղչի. «Թէ՛ Բանակցութիւններուն,  Թէ՛ Ալ Պատերազմին Պատրաստ Ենք»
Միջազգային

Ամերիկացիներուն Հետ Տակաւին Հանդիպումներու Կամ Հաղորդակցութիւններու Չգոյութիւնը Նշելով` Արաղչի. «Թէ՛ Բանակցութիւններուն, Թէ՛ Ալ Պատերազմին Պատրաստ Ենք»

January 31, 2026
Դամասկոս Քիւրտերուն Հետ Համապարփակ  Զինադադարի Համաձայնութեան Եւ Աստիճանական  Համարկումի Փոխհասկացողութեան  Գոյացումը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Դամասկոս Քիւրտերուն Հետ Համապարփակ Զինադադարի Համաձայնութեան Եւ Աստիճանական Համարկումի Փոխհասկացողութեան Գոյացումը Յայտարարեց

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.