Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի միջազգային հարցերու խորհրդատու Ալի Աքպար Վիլայեթի երէկ յայտնեց, որ Միացեալ նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Մայքըլ Ֆլին անփորձ մարդ մըն է եւ անոր խօսքը` անտրամաբանական ու անհիմն: «Մենք շատ չենք հետաքրքրուած այդ կեցուածքով», ըսաւ ան:
Վիլայէթի ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը իր վերջին կեցուածքներով վնաս պիտի պատճառէ ամերիկեան շահերուն` նշելով, որ Թեհրանի ուղղուած վերջին սպառնալիքները իրենց տեսակին մէջ առաջինը չեն, եւ ամերիկացի պաշտօնատարները պէտք է գիտակցին, որ Իրան «շրջանին մէջ հզօրագոյն երկիրն է եւ այսպիսի սպառնալիքներու առջեւ չ՛ընկրկիր»:
«Ամերիկացի պաշտօնատարները պէտք է դադրին սնամէջ յայտարարութիւններ կատարելէ եւ օգտուին իրենց նախկին փորձառութենէն», ըսաւ Վիլայեթի` նշելով. «Իրաքի, Սուրիոյ եւ Աֆղանիստանի մէջ պարտութիւն կրեցին, հակառակ, ինչպէս Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ անձամբ կը նշէ, եռիլիոնաւոր գումարներ ներդրելնուն»:
«Իրան ոչ ոքէ ու ոչ մէկ երկրէ հրաման կը ստանայ ինքզինք պաշտպանելու համար», ընդծգեց Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետին խորհրդականը` շեշտելով, որ իր երկիրը «պիտի շարունակէ իր հրթիռներուն փորձարկումը, երբ անոր անհրաժեշտութիւնը ըլլայ»:
Թրամփի ազգային անվտանգութեան խորհրդականը յայտարարած էր, որ նախագահին վարչակազմը «աչքի տակ առած է» Իրանը` այդ երկրին կողմէ վերջերս կատարուած հրթիռային փորձարկման առնչութեամբ:
Ֆլին ըսած էր, որ Իրանի վերջին գործողութիւնները Սպիտակ տունը մղած են «աչքի տակ պահելու» իսլամական հանրապետութիւնը, որուն դէմ պիտի նախաձեռնուին պատասխան քայլեր:
Բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը կը նշէ, որ ասիկա Ֆլինի` պաշտօնը ստանձնելէն ետք առաջին պաշտօնական յայտարարութիւնն էր:
Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ֆլին ըսած է, որ կիրակի օր տեղի ունեցած հրթիռին փորձարկումը, ինչպէս նաեւ Իրանի աջակցութիւնը վայելող հուսի զինեալներուն կողմէ 30 յունուարին սէուտական ռազմանաւի մը դէմ կատարուած յարձակումը անվստահութիւն կը ներշնչեն Իրանի նկատմամբ:
Մինչ Ֆլին խուսափած էր Ուաշինկթընի պատասխան քայլերուն վերաբերեալ բացատրութիւն տալէ, Սպիտակ տան մամլոյ բանբեր Շոն Սայսըր ըսած է. «Նախագահ Թրամփ կ՛ուզէ իրանցիներուն հասկցնել, որ Ուաշինկթըն չի պատրաստուիր նստելու ու լուռ հետեւելու անոնց գործողութիւններուն»:
Ուաշինկթընի Միջազգային ճգնաժամային խումբի իրանցի քաղաքագէտ Ալի Վայեզ նշած է. «Ասիկա կա՛մ դատարկ սպառնալիք է, կա՛մ ալ Իրանի հետ պատերազմելու յստակ յայտարարութիւն: Երկու պարագային ալ վտանգը մեծ է: Ուժեղ ու հզօր թուալու համար Թրամփի վարչակազմը կրնայ ներքաշուիլ այնպիսի պատերազմի մէջ, որուն լոյսին տակ Աֆղանիստանի եւ Իրաքի պատերազմները այգիի մէջ զբօսնելու պէս բան պիտի ըլլան»:
«Տը Կարտիըն» կը յիշեցնէ, որ նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին Թրամփն ու անոր խմբակի անդամները շարունակ ըսած են, որ իշխանութեան գալու պարագային աւելի կարծր դիրքորոշում պիտի ունենան Իրանի նկատմամբ:
Թրամփ երէկ նշեց, որ «հեռահար հրթիռներ արձակելէ ետք Իրանը պաշտօնապէս զգուշացուեցաւ»` աւելցնելով. «Իրան պէտք է երախտապարտ ըլլայ Միացեալ Նահանգներուն իրեն հետ ստորագրած ահաւոր համաձայնութեան համար»:
«Իրան քանդուելու եզրին էր, երբ Միացեալ Նահանգներ անոր կեանքի նոր առիթ մը ընծայեցին` անոր տրամադրելով 150 միլիառ տոլար», ըսաւ Թրամփ: