Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թիլըրսըն Պիտի Ջանայ Արցախի Տագնապին Երկարատեւ Լուծում Գտնել

February 2, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնի թեկնածու Ռեքս Թիլըրսըն, այդ պաշտօնը ստանձնելու պարագային պիտի ջանայ երկարատեւ լուծում մը գտնել Արցախի տագնապին. այս մասին յայտարարած է ան, Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ վկայութիւն տալու ընթացքին:

Ըստ Ամերիկայի Հայկական համագումարի մամլոյ ծառայութեան, պատասխանելով դեմոկրատական ծերակուտական Էտուըրտ Մարքիի հարցումին, Թիլըրսըն ըսած է. «Պիտի աշխատիմ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի կառավարութիւններուն հետ խաղաղ, երկարատեւ լուծում մը գտնելու համար, ինչ որ կայունութիւն ու բարգաւաճում պիտի հաստատէ շրջանին մէջ: Այս հոլովոյթին մէջ առաջին քայլը պէտք է ըլլայ վստահութեան հաստատումը, որպէսզի յարգուին կողմերուն միջեւ համաձայնութիւնները»:

Մասաչուսեցէն ընտրուած Մարքի յստակացում խնդրած է նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն վերաբերեալ, մասնաւորապէս ուշադրութիւն հրաւիրելով Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի շրջափակման վերջ տալու հարցին վրայ:

«Պիտի աջակցիմ Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական, տնտեսական եւ քաղաքացիական գետնի վրայ յարաբերութիւններու կարգաւորման: Շրջանին մէջ ամերիկեան առաջնորդութիւնը եւ յանձնառութիւնը պիտի նպաստեն անհրաժեշտ վստահութեան հաստատման եւ Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման», պնդած է Թիլըրսըն` միաժամանակ խոստանալով երաշխաւորել կրօնական փոքրամասնութիւններուն, ներառեալ Թուրքիոյ հայկական համայնքը, եւ անոնց սեփականութեանց իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը:

Նախորդը

«Ազրպէյճանին Զէնքի Հաւանական Նոր Քանակի Վաճառքը Պիտի Փոխհատուցուի Հայաստանին Զէնքի Համապատասխան Վաճառքով» Կ՛ըսէ Քոռոթչենքօ

Յաջորդը

Չաւուշօղլու Արժանթինի Մէջ Անդրադարձած Է Հայոց Ցեղասպանութեան

RelatedPosts

Ազգային Ժողովը Չդադրեցուց Հեռատեսիլի Եւ Ձայնասփիւռի Յանձնաժողովի Անդամ Յակոբ Մովսէսի Լիազօրութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Չդադրեցուց Հեռատեսիլի Եւ Ձայնասփիւռի Յանձնաժողովի Անդամ Յակոբ Մովսէսի Լիազօրութիւնները

February 14, 2026
Պաքուի Մէջ Հայ Գերիներու Դատավճիռներու Վերաբերեալ Ընկերվար Միջազգայնականի Յայտարարութիւնը
Հայկական

Պաքուի Մէջ Հայ Գերիներու Դատավճիռներու Վերաբերեալ Ընկերվար Միջազգայնականի Յայտարարութիւնը

February 14, 2026
Վանս Պաքուի Մէջ Քննարկած Է Գերիներու Ազատ Արձակման Հարցը
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Պաքուի Մէջ Քննարկած Է Գերիներու Ազատ Արձակման Հարցը

February 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.