Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ մարտի սկիզբը պիտի այցելէ Իրան: ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ազրպէյճանի մէջ Իրանի դեսպան Ճաւատ Ճահանկիրզատէն:
«Այցելութեան ընթացքին պիտի ստորագրուին շարք մը համաձայնագիրներ: Ներկայիս այդ ուղղութեամբ կը տարուին աշխատանքներ», յայտնած է ան: