
ՀՅԴ-ի անդամ Արթուր Եղիազարեան ֆէյսպուքեան իր էջին մէջ գրած է. «ՀՅԴ Շուշիի առանձնակի գումարտակի նախկին ազատամարտիկներ, մեր սիրելի չորս ընկերներ Հարմիկ Յովսէփեանը, Նորայր Շահբազեանը եւ Բաբգէն Սարոյեանը Հայրենիքի պաշտպանութեան գործին մէջ ցուցաբերած արիութեան եւ անձնուիրութեան համար Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի հրամանագիրով պարգեւատրուած են Արիութեան մետալով, իսկ թիւ N զօրամասի հրամանատար, գնդապետ Դաւիթ Մանուկեանը` ծառայողական պարտականութիւնները կատարելու ընթացքին ցուցաբերած նուիրումին եւ մատուցած նշանակալի ծառայութիւններուն համար պարգեւատրուած է «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» 2-րդ աստիճանի մետալով»:


