
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա 27 յունուարին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, անդրադառնալով արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հանդիպումներուն` իր հայ եւ ազրպէյճանցի պաշտօնակիցներուն հետ, նշած է, որ բանակցութիւններուն` հասարակութեան համար հասանելի մասը արդէն տարածուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան կողմէ, եւ ինք որեւէ նոր բան պիտի չաւելցնէ: Այս մասին կը գրէ Լիլիթ Մուրատեան:
Զախարովա միայն ըսած է, որ «այս նիւթը շատ զգայուն է: Բանակցութիւնները ընթացած են կառուցողական հունով, քննարկուած են ղարաբաղեան տագնապի լուծման տարբեր եւ ճշգրիտ գաղափարներ»:
Անդրադառնալով ղարաբաղեան տագնապի լուծման հարցով նոր հանդիպումներու կայացման` Զախարովա նշած է, որ ժամանակացոյցը չէ կազմուած տակաւին:
«Անշուշտ, նոր հանդիպումներ պիտի ըլլան: Այս նիւթը Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան առաջնահերթութիւններէն է, ուստի այդ հարցով կապերը պիտի շարունակուին», ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:


