Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Ակօս»-ի. Հակառակ Քեզ Մեզմէ Խլած Խաւարին` Կ՛աճի Խօսքդ Տարիներու Ընթացքին

Յունուար 23, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լուսանկար` ՄԻՀՐԱՆ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

2007-էն այս կողմ, 19 յունուար թուականը յատուկ իմաստ մը ստացած է թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ՛ աշխարհի այն երկիրներուն մէջ, որ բնակուած է հին ու նոր թուրքիացներով: Այդ օր մենք` հայերս, բացի խիզախ եւ քաջասիրտ մտաւորականի մը նահատակութենէն, կ՛ապրինք նաեւ արդարութեան հերթական ոտնակոխման մերօրեայ օրինակը: Այս գիտակցութիւնն է, որ համամարդկային արժէքներու հաւատացողներու շատ մեծ խումբ մը կը հաւաքէ նոյն զգայնութեան մէջ: Ամէն ոք կը բաժնէ նոյն ընդվզումը եւ պահանջատէրը կը դառնայ մարդկայինին, աւելի ընդարձակ բացատրութեամբ` համամարդկայինին: Այս տարի անգամ մը եւս բիւրաւոր մարդիկ պիտի մէկտեղուին «Ակօս»-ի հիմնադիր Հրանդ Տինքի նահատակուած կէտին վրայ: Պիտի ոգեկոչեն Հրանդը: Բայց, ինչպէս կ՛ըսէ Ամենայն Հայոց բանաստեղծը «Անուշ»-ի տողերուն մէջ, «Իրենց կորցրածը վերյիշելով նորից»: Ի՜նչ ցաւալի է, որ երկիրը ողբերու մէջ իրարու ցաւակից կը դարձնէ իր որդիները: Արդարեւ, մենք Հրանդ Տինքի հետ պիտի յիշատակենք նաեւ այս երկրին մէջ յանուն մարդկայինի նահատակուած բիւրաւոր զոհերը, պիտի յարգենք անոնց յիշատակն ու աւանդը եւ այդ բոլորէն ուժ քաղելով, առանց վհատելու պիտի պայքարինք չարիքի դէմ: Այս է, որ ուխտած ենք «Ակօս»-ի երդիքին տակ եւ մինչեւ օրս ճակատաբաց դուրս եկած ենք ուխտի այդ ճանապարհ: Ո՛չ միայն մեր, այլ այս արդար պայքարին ձայնակցողներուն ապահոված ուժն է այդ, որուն շնորհիւ` «Ակօս» կը շարունակէ իր առաքելութիւնը այնպէս, ինչպէս կտակած էր այս թերթին հիմնադիրը: Գիտենք, որ նման ելոյթներ իրաւացի դառնալու համար հաւաստի տուեալներու կը կարօտին. ըստ երեւոյթին, ներկայ պահուն կը բացակային այդ տուեալները, շատերուն կրնայ իրաւացի չթուիլ հսկաներու դէմ մղուած այս պայքարը: Թերեւս արդարացի է այդ վերապահութիւնը, բայց դարձեալ բանաստեղծութեան դիմելով` փորձենք պարզել մեր միտքը. «Երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար, այսպէս ծագեց, արեգակեց Սարդարապատի մարտը մեծ»:

Եթէ հարիւր տարի առաջ սկսած չար պատմութիւնը կանգ առաւ Սարդարապատի պատի տակ, գիտնանք ու գիտնանք, որ այդ պատը կը կարօտի յաճախակի ամրացման լուրջ աշխատանքի: Այդ աշխատանքը ստանձնածներու շարքին էր Հրանդ Տինք:

Բի՛ւր յարգանք իր ազնիւ յիշատակին…

 

Նախորդը

Ոճրագործ Պետութիւնը

Յաջորդը

Այս Ոճիրը Իրագործողը Պետութի՛ւնն Է

RelatedPosts

Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Հայկական

Կալուզին. «Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Վերջնական Հաշտութիւնը Պէտք Է Ստորագրուի Մոսկուայի Մէջ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ
Գլխաւոր լուրեր

Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
Պայրամով Կրկին Խօսած Է Հայաստանի Սահմանադրութեան Մէջ «Տարածքային Պահանջներու» Մասին
Հայկական

Պայրամով Կրկին Խօսած Է Հայաստանի Սահմանադրութեան Մէջ «Տարածքային Պահանջներու» Մասին

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?