Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բարգաւաճ Հայաստանը Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Պիտի Մասնակցի «Ծառուկեան Դաշինքով»

Յունուար 19, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

dzarougian_11817

Ռուզաննա Ստեփանեան կը գրէ, թէ Ազգային ժողովի պատգամաւոր, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան հիմնադիր Գագիկ Ծառուկեան 18 յունուարին կուսակցութեան անդամներուն հետ հանդիպում ունեցած է` քաղաքականութեան վերադառնալու իր որոշումին լոյսին տակ:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին «Բարգաւաճ Հայաստան» խորհրդարանական խմբակցութեան պատգամաւոր Լեւոն Խաչատրեան դիտել տուած է, որ կուսակցութիւնը ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի «Ծառուկեան դաշինք»-ով:

Ծառուկեան, որ Սերժ Սարգսեանի հետ լուրջ տարակարծութիւններէ ետք 2015 թուականի գարնան հեռացաւ քաղաքականութենէն` հրաժարելով նաեւ կուսակցութեան ղեկավարի պաշտօնէն, յառաջիկային տեղի ունենալիք համագումարին կրկին պիտի ընտրուի կուսակցութեան նախագահ:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի թղթակիցը Լեւոն Խաչատրեանին հարցուցած է հանդիպումին ընթացքին նախատեսուած այն քննարկման մասին, որ կը վերաբերի յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն քաղաքական ուժերուն հետ դաշինքով մասնակցելուն:

«Պիտի մասնակցինք, հաւանաբար, «Ծառուկեան դաշինքով»: Ո՛ր քաղաքական ուժերը պիտի միանան, որո՛ւ հետ քննարկումներ ի՛նչ արդիւնքներ կու տան` ցոյց կու տան մօտակայ օրերը», յայտնած է ան:

Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան ներկայացուցիչը ըսած է, որ եթէ իրենք տիրանան իշխանութեան, հաստատ կերպով աւելի լաւ պիտի կառավարեն տնտեսութիւնը եւ կարեւորագոյնը` պիտի չգողնան, պիտի ըլլան «ազնիւ եւ մասնագիտացած ձեւով աշխատող»:

Պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի թղթակիցի այն հարցումին, թէ Ծառուկեան մինչեւ վերջ պիտի երթա՞յ, թէ՞ կրնայ 2015-ի դէպքը կրկնուիլ` Խաչատրեան ըսած է. «2015 թուականը ընտրական շրջան չէր, եւ բոլորիս համար պարզ էր, որ նման ժամանակահատուածի մէջ ծրագիրներ իրականացնելու խաղաղ կարելիութիւն գոյութիւն չունի: Իսկ ապագային ունինք ընտրութիւններ, եւ այդ կարելիութիւնը կայ` խաղաղ ճամբով ծրագիրներ իրականացնելու եւ ծառայելու ժողովուրդին»:

Լրագրողը ուզած է գիտնալ, թէ Ծառուկեան, ինչպէս յայտարարած է, մինչեւ վերջ պիտի տանի՞ իր խաչը. Լեւոն Խաչատրեան ըսած է. «Եթէ այդ խաչը վստահի ժողովուրդը Ծառուկեանին եւ իր խմբակիցներուն, այո՛, վստահ, համոզուած եմ, որ կը տանի»:

Լեւոն Խաչատրեան նշած է, որ 19 յունուարէն Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան կեդրոնական, ինչպէս նաեւ տարածքային ղեկավար մարմինները «կը լծուին կազմակերպչական աշխատանքներուն»: Իսկ թէ ո՛վ կը ղեկավարէ «Ծառուկեան դաշինք»-ը, ապա աւելի ուշ պիտի յստականայ:

 

Նախորդը

Լաւրովի Հետ Հանդիպումին Ընթացքին. «ԵԱՀԿ-ի Նախագահութեան Ծիրին Մէջ Աւստրիոյ Հիմնական Խնդիրներէն Է Տագնապներու Լուծումին Նպաստելը» Ըսաւ Քուրց

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Կողմէ Արձակուած Կրակոցէն Հայ Զինուոր Մը Զոհուած Է

RelatedPosts

«Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանը Կը Դիտարկէ  Իբրեւ Վստահելի Եւ Արժանահաւատ Գործընկեր»  Կ՛ըսէ Եւրոպական Յանձնաժողովի Ներկայացուցիչը
Հայկական

«Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանը Կը Դիտարկէ Իբրեւ Վստահելի Եւ Արժանահաւատ Գործընկեր» Կ՛ըսէ Եւրոպական Յանձնաժողովի Ներկայացուցիչը

Մայիս 14, 2025
Լանտաու. «Ամերիկեան Վարչակազմի Նպատակն Է Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Հետամուտ Ըլլալ»
Հայկական

Լանտաու. «Ամերիկեան Վարչակազմի Նպատակն Է Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Հետամուտ Ըլլալ»

Մայիս 13, 2025
«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով  Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան
Գլխաւոր լուրեր

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?