Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ-Ի «ՆԱՐՕՏ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ» ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆԻ ԱՄԱՌԸ

October 11, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան հոգածութիւնը վայելող «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանի աշակերտները անցուցին հարուստ եւ ճոխ յայտագիրով ամառ մը: Երեք ամիս տեւողութեամբ, օրական դրութեամբ, անոնց համար նախապէս պատրաստուած եւ ծրագրուած յայտագիրը յանձնախումբի անդամներուն եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Նազելի Աւագեանի եւ գրադարանի պատասխանատուին կողմէ իրագործուեցաւ շատ յաջող կերպով:

Առաջին հերթին հայ գիրքը արժեւորելով` անոնց սիրցնել գիրք կարդալ, ապա` ամառնային դասեր, ընդհանուր գիտելիքներ զարգացումներ, մտային եւ դաստիարակչական խաղեր, գծագրութիւն, ձեռային աշխատանք, թատրոն, համակարգիչի գործածութիւն, պտոյտներ եւ զարգացման մրցումներ:

Աշակերտները խումբերու բաժնուած` շաբաթական դրութեամբ ունեցան զարգացման մրցում բոլոր այն նիւթերուն շուրջ, որ կը բացատրուէր իրենց. ապա առ ի գնահատանք իրենց լաւ աշխատանքին` ընտրուեցան 10 լաւագոյնները եւ յատուկ խրախճանք տեղի ունեցաւ գրադարանին մէջ: Նաեւ ունեցան պտոյտներ, այցելեցին Անթիլիասի մայրավանքի թանգարանը, եկեղեցին, Նահատակաց մատուռը, ապա` Հարիսա, որմէ ետք Զմմառու վանքի թանգարանը: Այցելեցին Այնճար եւ ամբողջ օրը անցուցին Կազդուրման կայանի փոքրիկներուն հետ, ուր պատրաստուած էր իրենց յատուկ յայտագիր, ապա` Այնճարի բերդը: Վերջին պտոյտը եղաւ կենդանաբանական պարտէզ-խաղավայր, ուր մօտէն ծանօթացան ընտանի եւ վայրի անասուններու:

Ունեցան հեռաձայնային ուղղակի կապով հարցազրոյց «Վանայ ձայն»էն եւ խօսեցան իրենց առօրեային մասին` գրադարանին մէջ: Իսկ ուրբաթ, 23 սեպտեմբեր 2011-ին, գրադարանին մէջ ունեցան հրաժեշտի յատուկ խրախճանք եւ տօնեցին փոքրիկներուն մէկուն տարեդարձը: Իւրաքանչիւր աշակերտ նուէր գիրք ստացաւ Համազգայինի գրախանութէն. փոքրիկները` Շահանդուխտին «Հրաշքը», մեծերը` Դերենիկ Դեմիրճեանի «Վարդանանք»ը:

Գիրքերով, ձեռային աշխատանքներով եւ գծագրութիւններով իրենց ձեռքերը լեցուն, սրտերը ուրախ, լաւ յիշատակներով եւ բարձր տրամադրութեամբ հրաժեշտ առին գրադարանէն: Շնորհակալութիւն` նուիրատուներուն եւ բոլորին վարձքը կատար:

Նախորդը

ՄԱՀԱԵՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՄԱԴՐՈՂ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ. ՊԱՇՏՕՆԷՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐԺԱՆԻՍՏԵՐ «ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ՎԱՐՈՒԵԼԱԿԵՐՊԻ ԲԱՐԵԼԱՒՈՒՄ»

Յաջորդը

ՔԵԶՄՈՎ ՔԵԶԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.