Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստեփանակերտ Միջազգային Հանրութենէն Կը Պահանջէ Արձագանգել Հայ Զինուորին Զոհուելուն

Յունուար 17, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Karig_11617

15 յունուարէն 16 յունուար լուսցող կէս գիշերին Երեւանի զինուորական հիւանդանոցին մէջ մահացած է 30 դեկտեմբերին հակառակորդին կրակոցէն ծանրօրէն վիրաւորուած ժամկէտային զինուոր Գարիկ Վարդանեան: Այս մասին կը տեղեկացնէ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի մամլոյ գրասենեակը:

20-ամեայ զինուորը վիրաւորուած էր ղարաբաղեան-ազրպէյճանական սահմանին վրայ մարտական հերթապահութիւն կատարելու ատեն, հակառակորդ արձակազէնին գնդակը խոցած էր անոր դէմքը: Դէպքին օրը Վարդանեան ուղղաթիռով տեղափոխուած էր Երեւան: Գարիկ Վարդանեան 17 յունուարին պիտի զօրացրուէր:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 16 յունուարին ստորագրած է հրամանագիր, որուն համաձայն, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պետական սահմանը պաշտպանելու ատեն ցուցաբերած արիութեան համար Գարիկ Վարդանեանը յետմահու պարգեւատրուած է «Մարտական ծառայութիւն» մետալով:

Զինուորին մահուան լոյսին տակ պաշտօնական Ստեփանակերտ միջազգային հանրութենէն պահանջած է անյապաղ արձագանգել կատարուածին: Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Դաւիթ Բաբայեանի համաձայն, նմանատիպ միջադէպեր կանխելու նպատակով օր առաջ պէտք է կեանքի կոչուին Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի պայմանաւորուածութիւնները:

«Պէտք է աւելի խիստ արձագանգ կատարուի, աւելի հասցէագրուած ըլլայ միջազգային հանրութեան յայտարարութիւնը, որովհետեւ, ի վերջոյ, իւրաքանչիւր կորուստ անդառնալի է թէ՛ ազգին, թէ՛ բանակին եւ թէ՛ յատկապէս զոհուածին հարազատներուն ու բարեկամներուն համար: Որքան շուտ կեանքի կոչուին այդ հետաքննութեան մեքանիզմները եւ միջոցառումները, կարելի ըլլայ մշակել եւ ի գործ լծել զանոնք, այնքան աւելի նուազ կ՛ըլլայ զոհերուն թիւը, այնքան աւելի կայուն կը դառնայ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը շրջանին մէջ», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրուցելով ըսած է Բաբայեան:

15 յունուարին ազրպէյճանցի զինուորի մը մահուան մասին հաղորդագրութիւն տարածած էր Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը` նշելով, որ Ֆիքրեթ Պաշիրովը մահացած է հայ զինուորներուն արձակած կրակոցէն: Դաւիթ Բաբայեան հաստատած է, որ այս տեղեկութիւնը չի համապատասխաներ իրականութեան:

«Երբ Ազրպէյճան նման պնդումներ կը կատարէ, պարզ է, որ ատիկա իր քաղաքականութեան մէկ դրսեւորումն է: Փաստօրէն, այդպիսով ան կը պարտադրէ միջազգային հանրութեան ընել, այսպէս կոչուած, հաւասարակշռուած եւ անհասցէ յայտարարութիւններ: Այսպիսով, փաստօրէն, ան ծուղակի մէջ կը ձգէ նաեւ համանախագահող միջնորդ երկիրները, որովհետեւ անոնք ստիպուած պէտք է բոլոր կողմերուն յայտարարութիւնները ի մի բերեն: Պաքու միտումնաւոր նման լուրեր կը տարածէ, որպէսզի անհասցէ եւ ոչ ճիշդ յայտարարութիւններ հնչեն», շեշտած է նախագահի բանբերը:

Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակը կը տեղեկացնէ, որ 15-16 յունուարի գիշերը ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի ամբողջ երկայնքով հակառակորդը շարունակած է խախտել զինադադարի պահպանման դրութիւնը` հրաձգային զինատեսակներու հետ կիրարկելով նաեւ 60 եւ 82 միլլիմեթրնոց ականանետեր: Բանակի սահմանապահ ստորաբաժանումները հակառակորդին աշխուժութիւնը ճնշելու համար որոշ հատուածներու մէջ դիմած են պատասխան գործողութիւններու:

«Բարեբախտաբար, մենք զոհեր կամ վիրաւորներ չունինք: Հակառակորդը, ճիշդ է, սովորականէն աւելի մեծ թիւով կրակոցներով խախտած է զինադադարի դրութիւնը, բայց ատիկա տարօրինակ չէ, առաւել եւս` ասիկա սպասելի էր, որովհետեւ յունուարը տօնական եւ նախատօնական ամիս է: Ասոր զուգահեռ կը փորձեն նաեւ ազդել մեր բարոյահոգեբանական արժեհամակարգին վրայ` կեղծ լուրեր հաղորդելով մեր զոհերուն մասին, որպէսզի ժողովուրդին մօտ վհատութիւն յառաջանայ», աւելցուցած է Դաւիթ Բաբայեան:

Զինուոր Մը Մահացած Է

16 յունուարին` ժամը շուրջ 12:35-ին Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի հարաւարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ տակաւին չպարզուած հանգամանքներու մէջ վիրաւորուած եւ մահացած է պայմանագրային զինուոր, Հատրութի շրջանի բնակիչ Արայիկ Իգորի Սարգսեան (1995-ի ծնունդ): Դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:

Նախորդը

Վերսկսած Են Տինքի Սպանութեան Գործով Դատական Նիստերը

Յաջորդը

«Երբ Խօսքը Հայերու Կամ Քիւրտերու Մասին Է, Թուրքիոյ Մէջ Իսլամականները, Քեմալականներն Ու Ազգայնականները Կը Դառնան Մէկ» Կ՛ըսէ Փայլան

RelatedPosts

«Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանը Կը Դիտարկէ  Իբրեւ Վստահելի Եւ Արժանահաւատ Գործընկեր»  Կ՛ըսէ Եւրոպական Յանձնաժողովի Ներկայացուցիչը
Հայկական

«Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանը Կը Դիտարկէ Իբրեւ Վստահելի Եւ Արժանահաւատ Գործընկեր» Կ՛ըսէ Եւրոպական Յանձնաժողովի Ներկայացուցիչը

Մայիս 14, 2025
Լանտաու. «Ամերիկեան Վարչակազմի Նպատակն Է Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Հետամուտ Ըլլալ»
Հայկական

Լանտաու. «Ամերիկեան Վարչակազմի Նպատակն Է Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Հետամուտ Ըլլալ»

Մայիս 13, 2025
«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով  Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան
Գլխաւոր լուրեր

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?