Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քլարա Սֆէյրի «Ալ Քալեպ» Մենապարին Հիասքանչ Ելոյթը

January 13, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

2N3A2023

Երէկ` չորեքշաբթի, 11 յունուար 2017-ին, «Արեւածաղիկ» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Քլարա Սֆէյրի «Ալ Քալեպ» մենապարային ելոյթը` յատուկ Լիբանանի մամլոյ ներկայացուցիչներուն: Մենապարը բաղկացած էր երեք բաժիններէ` նախաբան կամ ձեռքի շարժումներու ուսումնասիրութիւն, մասնատում եւ վերջաբան կամ վիճակ` մարմնին յանձնուելուն եւ հակակշիռ պահելուն միջեւ:

Յայտնենք, որ ներկայացումը արդիւնք է Քլարա Սֆէյրի երեք տարուան ուսումնասիրութեան` Միջերկրականի արեւելեան շրջաններու պարային շարժումներու ժառանգութեան վերաբերեալ: Քլարան արեւելեան պարին մօտեցած է որպէս շարժումային նիւթ` փորձելով հասկնալ անոնց գիտական եւ փիլիսոփայական արժեչափերը: Ան ուսումնասիրած է մարմինի ներաշխարհին եւ ժամանակակից միտքին  մէջ շարժումներու լեզուին կազմուածքային զարգացումը: Իր ներկայացման մէջ Քլարան աշխատած  է երկու պարուհիներու` Նապաուիյէ Մուսթաֆայի եւ Թահիա Քարիոքայի եգիպտական շարժապատկերներէն կարգ մը գործերու վրայ,  մինչեւ 20-րդ դարու 50-ական թուականներու կիսուն:

Բացարձակ լռութեան մէջ թեթեւ լոյսի մը շողերուն տակ պարուհին  սկսաւ մէկ առ մէկ պարային շարժումներուն ամբողջ ընթացքը ներկայացնել`  անոնց սկիզբէն մինչեւ աւարտ: Առաջին հայեացքէն դիտողը դէմ յանդիման եկաւ շարժումներու կրկնութեան, բայց  հետզհետէ յստակացաւ, որ շարժումները տարբեր դիտանկիւններէն սկսելու եւ աւարտելու փորձ մըն էր որ կ՛ընէր արհեստավարժ պարուհին: Լռութիւնը խզուեցաւ արեւելեան որոշ կշռութային նուագարաններու մեղեդիներով եւ պարուհիին շարժումները դարձան աւելի հաստատ ու կայուն: Ակնյայտ էր որոշ շարժումներու մէջ չափաւորութեան զգացողութիւն, իսկ ոմանց մէջ բոլորովին անկաշկանդ ու ազատ վերաբերումը:

Քլարա Սֆէյր իր արուեստի գործով յաջողեցաւ լռութեամբ բացայայտել ինքզինք, իր վերաբերումը ու դրեւորումը արեւելեան պարային շարժումներուն: Ուշագրաւ էր անոր կատարեալ ընկալումը արեւելեան պարի փուլերուն մարդկութեան զարգացման գործընթացին մէջ:

Յայտնենք, որ ելոյթը հանրութեան ներկայացուեցաւ 12 յունուարին, պիտի ներկայացուի նաեւ 13 յունուարին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին «Արեւածաղիկ» թատերասրահին մէջ, Թայունէ:

 

Նախորդը

Ժողովրդավարութիւնը Իր Հակասութիւններու Դէզին Վրայ

Յաջորդը

Հայկազեան Համալսարանին Մէջ . Թոմ Եանկի Ժապաւէնի Ցուցադրութիւնն Ու Գեղանկարչական Գործերու Ցուցահանդէսը

RelatedPosts

«Վանայ Ձայն» Իր 40-Ամեակը Նշեց Յոբելենական Ճաշկերոյթով
Գաղութային

«Վանայ Ձայն» Իր 40-Ամեակը Նշեց Յոբելենական Ճաշկերոյթով

October 24, 2026
«Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Նուիրուած Երգահանդէս
Գաղութային

«Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Նուիրուած Երգահանդէս

October 24, 2026
Զաւէն Խտըշեանի Աւանդը Յիշեցնող Արուեստաբոյր Մթնոլորտի Մէջ.  «Զարիա Արուեստի Ցուցասրահ»-ի Բացումը Յոյսով Ու Գեղարուեստական Վերանորոգ Աւիշով Ամրագրեց Լիբանանահայ Գաղութի Գոյատեւման Երթը
Գաղութային

Զաւէն Խտըշեանի Աւանդը Յիշեցնող Արուեստաբոյր Մթնոլորտի Մէջ. «Զարիա Արուեստի Ցուցասրահ»-ի Բացումը Յոյսով Ու Գեղարուեստական Վերանորոգ Աւիշով Ամրագրեց Լիբանանահայ Գաղութի Գոյատեւման Երթը

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.