Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամանորի Եւ Ս. Ծննդեան Տօներուն Առիթով Նախագահը Այցելած Է Հայաստանի Սահմանային Պաշտպանական Տեղամասերէն Մէկը

Յունուար 4, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

serj_sahman_123116

Հայաստանի նախագահ, բանակի գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով, Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին եւ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանին հետ 31 դեկտեմբերին այցելած է հանրապետութեան հիւսիսարեւելեան հատուածի պետական սահմանի պահպանութեան տեղամաս եւ մարտական դիրք:

Նախագահը հանդիպում ունեցած է մարտական դիրքին մէջ ծառայութիւն կատարող զինուորներուն եւ հրամանատարներուն հետ, շրջագայած մարտական յենակէտին մէջ եւ ծանօթացած ծառայութեան կատարման ընթացքին, ինչպէս նաեւ զինուորներուն կենցաղային պայմաններուն:

Սերժ Սարգսեան  խրախուսած է ծառայութեան ընթացքին անձնուիրութեամբ եւ խիզախութեամբ ուշադրութիւն գրաւած խումբ մը սպաներ եւ զինուորներ` անոնց նուէրներ յանձնելով: Սերժ Սարգսեան թէյի սեղանի շուրջ զրուցած է խրախուսանքի արժանացած զինուորներուն հետ, ապա վեհափառ հայրապետին եւ զինուորներուն հետ մոմավառութիւն կատարած է նշեալ վայրին կից տեղադրուած խաչքարին մօտ, ապա տօնական սեղանին շուրջ մարտական յենակէտին մէջ ճաշած է զինուորներուն հետ: Նախագահը շնորհաւորած է հայոց բանակի բոլոր ծառայողները` բարեմաղթանքներ ուղղելով անոնց եւ շնորհակալութիւն յայտնելով անձնուէր ծառայութեան համար:

Նախագահը բաժակ բարձրացուցած է բոլոր զինուորներու, սպաներու եւ անոնց վերադարձին անհամբեր սպասող ծնողներուն, ընտանիքներու անդամներուն, սիրելիներուն համար, որոնք ամէն օր կարօտով կը յիշեն զինուորները եւ ուժ կ՛առնեն` անոնց պաշտպանելու լծուած ըլլալու իրողութենէն:

«Կ՛ուզեմ գիտնաք, որ նաեւ ձեզմէ կախեալ է մեր երկրի հետագայ բարեկեցութիւնը: Դուք այստեղ պաշտպանելով հայրենիքը` պէտք է վերադառնաք, դառնաք լաւագոյն մասնագէտներ: Դուք պէտք է ըլլաք այն շարժիչ ուժը, որ, ի վերջոյ, մեզ պիտի հասցնէ մակարդակին այն երկիրներուն, որոնց մասին քիչ առաջ կը խօսէինք:

«Կ՛ուզեմ նաեւ, որ դուք յստակ կերպով գիտակցիք, որ ձեր հրամանատարները շատ աւելի փորձառու են: Կ՛ուզեմ վստահ ըլլաք, որ ձեր հրամանատարներուն ցուցումները` ձեր անվտանգութեան, ձեր կեանքին ապահովութեան, նաեւ սահմանի այն հատուածին, որ ձեզի վստահուած է, պաշտպանելուն, Գանառիկ պահելուն վերաբերող, պարտադիր պէտք է կատարէք», ըսած է Սերժ Սարգսեան:

Ապա ան հաստատած է, որ հրամանատարները մեր բանակին ողնաշարն են, որոնցմէ կախեալ է ամբողջ մարմինին առողջութիւնը, եւ որովհետեւ Հայաստանի մէջ կան փայլուն հրամանատարներ, ուրեմն բանակը մարտունակ է, բանակը ի վիճակի է պաշտպանելու իր սահմանները:

Նախագահը լուսարձակի տակ առած է հայութեան տարբեր ըլլալու երեւոյթը` յայտնելով, որ հայը զաւակն է այն ազգին, որ վերածնած է, պայքարած է, հերոսացած եւ հասած 21-րդ դար` իբրեւ անկախ պետութիւն: Ան նշած է, որ շրջանին մէջ եղած են երկիրներ, որոնք այսօր պատմութեան անցած են, սակայն հայութիւնը, իր զինուորներուն, սպաներուն, նուիրեալներուն, եկեղեցւոյ շնորհիւ գոյատեւած է:  «Հիմա հերթը մերն է` պահելու, պահպանելու, յաջորդ սերունդին փոխանցելու մեր անկախ պետութիւնը: Եւ ես շատ ուրախ եմ ու երջանիկ, որ մենք ունինք զինուորներ ու սպաներ, որոնք այդ մէկը պատուով կը կատարեն», ըսած է նախագահը:

Նախագահը այցելած է նաեւ Տաւուշի մարզի Ազատամուտ համայնք, հանդիպում ունեցած այդ համայնքի, ինչպէս նաեւ Այգեհովիտի, Վազաշէնի, Դիտաւանի բնակիչներուն ու Իջեւանի եւ Բերդի շրջաններու սահմանամերձ համայնքներու ղեկավարներուն հետ, շնորհաւորած անոնց Նոր տարին, զրուցած համայնքային խնդիրներու եւ զարգացման ծրագիրներու, բնակիչները յուզող, հետաքրքրող հարցերու մասին:

 

Նախորդը

Գարեգին Բ. Կաթողիկոս. «Ծառայենք Մեր Հայրենիքին, Որի Օրհնեալ Կեանքը Պիտի Կերտենք»

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան. «Գալիք 25 Տարիները Լինելու Են Վերելքի` Աւելի Ուժեղ Հայրենիք Կերտելու Շրջան»

RelatedPosts

Արցախի Հանրապետութեան  Ազգային Ժողովի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Արցախի Ազգային Ժողովը Տեղահանուած Արցախահայութեան Անունով Դիմած Է ԵԱՀԿ-ի Մասնակից Պետութիւններուն

Օգոստոս 21, 2025
Ռուպիօ Եւ Ֆիտան Քննարկած Են Ռուս-Ուքրանական  Բանակցութիւններն Ու Հայ-Ազրպէյճանական  Հռչակագիրի Ստորագրումը
Հայկական

Ռուպիօ Եւ Ֆիտան Քննարկած Են Ռուս-Ուքրանական Բանակցութիւններն Ու Հայ-Ազրպէյճանական Հռչակագիրի Ստորագրումը

Օգոստոս 21, 2025
Թրամփ Պատմած Է Փաշինեանի  Եւ Ալիեւի Հետ Հանդիպումին Մասին
Հայկական

Թրամփ Պատմած Է Փաշինեանի Եւ Ալիեւի Հետ Հանդիպումին Մասին

Օգոստոս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?