26 դեկտեմբերին տեղի ունեցած տարեկան ամփոփիչ ասուլիսին ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի տնօրէն Կիրօ Մանոյեան ըսած է, որ շրջանին մէջ տեղի ունեցող շարք մը զարգացումներ` Թուրքիոյ, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ արձանագրուող իրադարձութիւնները, Իրանի նկատմամբ Արեւմուտքի կեցուածքը, որոշ չափով մարտահրաւէրներ են նաեւ Հայաստանի համար եւ որոշ չափով` կարելիութիւններ:
«Յատկապէս տեսանք վերջին օրերուն Իրանի նախագահի այցելութեան ընթացքին ձեռք բերած պայմանաւորուածութիւնները, որոնք կը հաստատեն հայ-իրանական այն սերտ յարաբերութիւնները, որոնք զարգանալու տակաւին տեղեր ունին եւ պէտք է շարունակեն աշխատանքները», ըսած է ան:
Կիրօ Մանոյեանի համաձայն, որոշ անորոշութիւններ կան Թուրքիոյ կողմէ: «Թուրքիան այն պետութիւնն է, որ ինքն իրեն իրաւունք կու տայ առանց միջազգային որոշումներու ձեռնարկել գործողութիւններ իր սահմանէն դուրս, ինչ որ մեզի համար մտահոգիչ է եւ ուստի պէտք է զգօն ըլլանք», ըսած է ան:
Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները, ըստ Կիրօ Մանոյեանի, պէտք է ըսել, որ որոշ յառաջընթաց ունեցան, խոստացուած զէնքը, թէկուզ բաւական ուշացումով, բայց հասաւ: «Իսկ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) շրջագիծին մէջ մեր արդար ակնկալիքը, որ ստանձնէինք Գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնը, չէ իրականացած, ինչ որ ցոյց կու տայ, որ անդամ պետութիւնները խանդավառ չեն Հայաստանի Հանրապետութեան հաւանական յաջողութիւններով այդ պաշտօնը ստանձնելով», ըսած է ան:
Միացեալ Նահանգներէն եղած նոր ակնկալութիւններուն մասին խօսելով` Կ. Մանոյեան ըսած է, որ յառաջիկայ ամիս, երբ նոր նախագահը իր լիազօրութիւնները ստանձնէ, այն ատեն պիտի գիտնանք, թէ ի՛նչ քաղաքականութիւն պիտի վարէ շրջանի, Թուրքիոյ, Ռուսիոյ, Իրանի, եւ բնականաբար, նաեւ Հայաստանի հետ:
Ըստ անոր, Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններու պարագային սպասողական վիճակ կայ: «Եւրոպական Միութիւնը կ՛ուզէ տեսնել, թէ ընտրութիւնները ինչպէ՛ս կը կազմակերպուին եւ ըստ այդմ ալ այդ պայմանագիրը կը ստորագրէ: Իմ տեղեկութեամբ պայմանագիրը գրեթէ աւարտած է, բայց ստորագրման պահը կ՛ըլլայ ընտրութիւններէն ետք` կախեալ ընտրութիւններու որակէն», շեշտած է Մանոյեան:
Անդրադառնալով լրագրողի այն հարցումին, թէ ի՞նչ է իր կարծիքը նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի վերջին ելոյթին մասին, եւ ի՞նչ է ՀՅԴ-ի դիրքորոշումը փոխզիջման գծով` Մանոյեան նշած է, որ Դաշնակցութիւնը արդէն իսկ իր տեսակէտը յայտնած էր 2 սեպտեմբերին` Արցախի Հանրապետութեան 25-ամեակի հռչակման առիթով:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը նշած է, որ իրենք Արցախի հարցին առնչութեամբ ո՛չ առաջին նախագահին, ո՛չ ալ երրորդ նախագահին մօտեցումներուն համաձայն են, հակառակ անոր որ անոնց մօտեցումներուն մէջ կան տարբերութիւններ: «Ճիշդ չէ առաջին նախագահի այն հաստատումը, որ հիմա առաջարկուած է 97-98 թուականի դիրքորոշումը, բայց երկու պարագաներուն ալ մենք դէմ ենք ե՛ւ 97-98-ի, ե՛ւ ներկայիս առաջարկուածին», ընդգծած է Մանոյեան:
Ըստ անոր, այնքան ատեն որ Ազրպէյճան չ՛ընդունիր Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը, անիմաստ է որեւէ փոխզիջման մասին խօսիլ: «Ե՛ւ անիմաստ է, ե՛ւ վտանգաւոր, որովհետեւ ատիկա կը նշանակէ , որ մենք կը յանձնենք բան մը` առանց դիմացը որեւէ բան ստանալու: Մենք կը կարծենք` բանակցութիւնները պէտք է այնպէս ըլլան, որ ի վերջոյ, եթէ փոխզիջում պէտք է տեղի ունենայ, այդ փոխզիջումը պէտք է ըլլայ համարժէք, համաչափ եւ միաժամանակեայ, ուստի սկիզբէն ըսել` ով ինչ կու տայ, մենք պատրաստ ենք այս տալ, այն տալ, ատիկա վնասակար է: Մենք համաձայն չենք այդ տալուն, սակայն նոյնիսկ խօսիլը վնասակար է», նկատել տուած է Կիրօ Մանոյեան: