Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Կարապետեան. «Նախարարութիւններու Գործունէութիւնը Պիտի Գնահատուի Ներդրումային Ցուցանիշներով»

December 24, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

garabedian_122316

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գլխաւորութեամբ կառավարութեան մէջ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն, որուն ընթացքին քննարկուած են նախարարութիւններու, գերատեսչութիւններու եւ մարզպետարաններու գործունէութեան արդիւնքներու գնահատման մեքանիզմներն ու յայտանիշերը:

Ըստ կառավարութեան պաշտօնական կայքին, վարչապետը նշած է, որ գնահատման յայտանիշերու կարգին կարեւորագոյններէն մէկը պիտի ըլլայ ներդրումային ցուցանիշը` ինչպէս ներքին, այնպէս ալ արտաքին:

«Դուք պէտք է մինչեւ տարեվերջ ներկայացնէք յստակ յայտանիշերով առաջարկներ` գնահատելու նախարարութեան աշխատանքը, որոնց մէջ պէտք է սահմանուած ըլլայ նաեւ տարեկան ներդրումային ծրագիրը», ըսած է Կարէն Կարապետեան:

Կառավարութեան ղեկավարը կարեւոր նկատած է ներդրումներ ներգրաւելու ուղղութեամբ գերատեսչութիւններու աշխատանքը եւ նշած, որ այդ հարցին նկատմամբ պէտք է ցուցաբերել համակարգային մօտեցում:

«Անհրաժեշտ է պարբերաբար հանդիպիլ ներդրողներու հետ, ցուցաբերել գործարարական մօտեցում, փոխել ներդրումային մթնոլորտը: Մենք ունինք կարողական ներդրողներ, որոնց պէտք է խրախուսել` ներգրաւուելու տարբեր ծրագիրներու մէջ», շեշտած է վարչապետը:

Կառավարութեան ղեկավարը նշած է, որ պիտի ձեւաւորուի նաեւ մարզի անձնագիր, որով պիտի բնութագրուի մարզը, պիտի ներկայացուին զարգացման ուղղութիւններն ու առաւելութիւնները:

Վարչապետին համաձայն, մարզպետարաններու գործունէութեան հիմնական ուղենիշերը պէտք է հիմնուած ըլլան մարզի անձնագիրին վրայ: Այժմ քայլերու կը ձեռնարկուին մարզերուն մէջ ներդրումային միջավայրի բարելաւման ուղղութեամբ:

«Ունինք այն գաղափարը, որ իւրաքանչիւր մարզ պէտք է ունենայ իր անձնագիրը, համայնքային ծրագիրը, եւ մարզպետը պէտք է պատասխանատու ըլլայ, թէ ինչքա՛ն ներդրում կատարուած է իր տարածքին մէջ, ինչ որ կը նպաստէ ներդրումային միջավայրի զարգացման», յայտնած է վարչապետը:

Կարէն Կարապետեան խորհրդակցութեան մասնակիցներուն յանձնարարած է գործունէութեան գնահատման գծով կարճ ժամանակամիջոցի ընթացքին ներկայացնել համապատասխան առաջարկներ:

 

Նախորդը

Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքի Ս. Ծննդեան Պատգամը

Յաջորդը

Մկրտչեան. «Կրթաթոշակի Պատճառով Ոչ Մէկ Ուսանող Դուրս Պիտի Մնայ Համալսարանէն»

RelatedPosts

«Հայաստանի Հանրապետութեան Հզօրացումը  Իւրաքանչիւր Հայու Եւ Ամբողջ Հայութեան  Աւագ Պարտաւորութիւնն Է»  Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ուղերձը Հայաստանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

September 21, 2026
Արցախի Հանրապետութեան  Ազգային Ժողովի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Արցախի Ազգային Ժողով. «Արցախցիների Հաւաքական Եւ Անվտանգ Վերադարձի Իրաւունքն Անսակարկելի Է»

September 21, 2026
Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Լրատուամիջոցները  Կարգաւորող Մարմիններու  Ներկայացուցիչներու Հանդիպում
Հայկական

Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Լրատուամիջոցները Կարգաւորող Մարմիններու Ներկայացուցիչներու Հանդիպում

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.