Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսայի Հայ Դատը Կարօ Փայլանի Ապահովութիւնը Երաշխաւորելու Արշաւի Կը Ձեռնարկէ

Դեկտեմբեր 23, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

paylan_122116

«Նոր Յառաջ» կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումբը երկուշաբթի, 19 դեկտեմբերի թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան մահուան լուրջ սպառնալիքներու դէմ յանդիման կը գտնուի, յատկապէս Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի վարչակարգին քաջալերանքով վերջերս սաստկացած հալածանքին իբրեւ հետեւանք:

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ քրտամէտ կուսակցութեան շարքերէն առաջին ձերբակալութիւններու ալիքէն ետք, ներկայիս Էրտողանի վարչակարգին եւ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան շղթայազերծած յարձակումներուն  կարգը հասած է Կարօ Փայլանին:

«Իր կուսակիցներու ձերբակալութեան վաղորդայնին, մինչ ան (Կարօ Փայլան) խորհրդարանին մէջ կը կատարէր անոնց պաշտպանողականը եւ կը յայտնէր ժողովրդավարութեան ի խնդիր պայքարը շարունակելու իր վճռակամութիւնը, իշխող կուսակցութեան քաղաքական պատասխանատուներուն կողմէ ընկերային ցանցերու մէջ շրջանառութեան դրուեցան անոր դէմ ատելութիւն հրահրող տեսանիւթեր, պատգամներ եւ քարոզչութիւն: Իշխող կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան նախագահը խոստովանեցաւ, որ ինք նախաձեռնած եւ շրջանառութեան մէջ դրած է լուսանկարներ, որոնք կը պախարակեն Փայլանը, եւ որոնց հետապնդած միակ նպատակը յայտնապէս թուրք ժողովուրդի ազգայնական մէկ հատուածին ատելութիւնը սրելն է` հայ երեսփոխանին հանդէպ», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:

Ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումբը կը զգուշացնէ, որ այս սպառնալիքները պէտք չէ ստորագնահատել: «Յիշենք, որ 2000-ական թուականներուն սկիզբը ծայր առած նման ընթացքն էր, որ 2007-ի յունուար 19-ին յանգեցուց Հրանդ Տինքի սպանութեան», կը շեշտէ Ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումբը:

Այնուհետեւ, կոչ կը կատարուի ֆրանսացի եւ եւրոպացի քաղաքական դէմքերուն, որ լաւապէս գնահատեն խնդրոյ առարկայ այս վերջին զարգացումները:

«Կը մերժենք, որ 10 տարի առաջ Հրանդ Տինքին վիճակուած ճակատագիրը բաժին իյնայ նաեւ Կարօ Փայլանին: Քաղաքական մեր պատասխանատուներէն եւ ղեկավարներէն կը պահանջենք, որ հրապարակաւ դիրք որոշեն եւ ամէն միջոց գործի լծեն` Կարօ Փայլանի ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար, որպէսզի ան կարենայ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ շարունակել թուրք ժողովուրդին ներկայացուցիչի իր պաշտօնը` ապահով պայմաններու մէջ: Միացէ՛ք ստորագրահաւաքին եւ ստորագրել տուէք ուրիշներուն», կ՛եզրափակէ հաղորդագրութիւնը:

 

Նախորդը

ԼՕԽ-ի «Վարդուհի Տէկիրմենճեան» Խոհանոցի Եւ «Եոլանտ Քերոբեան-Ճոմպալաքեան» Սրտի Ճաշարանի Տարեցներու Ամանորի Ձեռնարկ

Յաջորդը

«Լեռնային Ղարաբաղը Դժուար Թէ Վերադառնայ Ազրպէյճանի Կազմ» Կ՛ըսէ Զատուլին

RelatedPosts

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի  Քաղաքական Բանտարկեալներուն  Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի Քաղաքական Բանտարկեալներուն Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Ուղղակի Հաղորդակցութիւն Չունինք, Սակայն Շրջանին Մէջ Ունինք Գործընկերներ, Որոնք Կուսակցութեան Հետ Կը Խօսին»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներ Մինչեւ Տարեվերջ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հետ Առաջին Աշխատանքային Խումբերը Պիտի Ստեղծեն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Շարունակենք Լռել
Հայկական

Թրամփ Դարձեալ Խօսած Է Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպումի Մասին

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?