Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տուման Դատապարտեց Թուրքիոյ Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանին Սպանութիւնը

December 22, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

karlov-duma_122116

Տուման երէկ որդեգրեց Թուրքիոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Անտրէյ Քարլովի սպանութեան վերաբերեալ յայտարարութիւն մը, որուն մէջ դատապարտեց այդ յանցագործութիւնը եւ յորդորեց ահաբեկչութեան դէմ պայքարի լայն համագործակցութիւն հաստատել, ինչպէս նաեւ ուժեղացնել արտասահմանի մէջ ռուսական դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու անվտանգութիւնը:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ռուս երեսփոխանները նշած են. «Պետութեան դիւանագիտական ներկայացուցիչի սպանութիւնը ծանրագոյն յանցագործութիւն է, որ կոպիտ կերպով կը խախտէ միջազգային իրաւունքի արժեչափերը»:

«Այդ հրէշաւոր սադրանքին մեղաւորները, թէ՛ կատարողները, թէ՛ ալ անոնք, որոնք ուղղորդած էին ահաբեկիչին ձեռքը` բորբոքելով ռուսատեացութեան, ազգամիջեան, միջկրօնական եւ միջդաւանական թշնամանքի, ծայրայեղականութեան ու մոլեռանդութեան զգացումներ, պէտք է արժանի պատիժ կրեն», կ՛ընդգծուի Տումայի յայտարարութեան մէջ:

Միւս կողմէ, ռուսական «Իզվեսթիա» օրաթերթը երէկ, յղում կատարելով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւրի մը, հաղորդեց, որ Ռուսիան պիտի դադրեցնէ Թուրքիոյ քաղաքացիներուն համար մուտքի արտօնագիրի ազատականացման շուրջ ընթացող բանակցութիւնները:

«Թուրքիոյ համար անհրաժեշտ է շարունակել երկիր ժամանողներու անվտանգութեան ապահովման լուրջ աշխատանքը եւ Ռուսիա այցելել ծրագրած բոլոր անձերու մանրազնին ստուգման երաշխիքներ տրամադրել: Ողբերգական վերջին իրադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ այս տարի տեղի ունեցած քանի մը այլ միջադէպերու կապակցութեամբ Մոսկուան առայժմ պատրաստ չէ առանց մուտքի արտօնագիրի դրութիւն տրամադրել Թուրքիոյ քաղաքացիներուն», ըսած է թերթի զրուցակիցը:

 

 

Նախորդը

Թրքական Բանակը Կը Յայտարարէ Պապ-Հալէպ Ճամբան Իր Ամբողջական Վերահսկողութեան Տակ Առնելը

Յաջորդը

Չաւուշօղլուն` Քերրիին. «Թուրքիան Ալ, Ռուսիան Ալ Գիտեն, Որ Դեսպանի Սպանութեան Ետին Կանգնած Են Կիւլենականները»

RelatedPosts

Վանս. «Իրանի Հետ Պատերազմը Երկու Ամիսէն  Ամբողջովին Տարբեր Փուլ Մուտք Պիտի Գործէ»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Իրանի Հետ Պատերազմը Երկու Ամիսէն Ամբողջովին Տարբեր Փուլ Մուտք Պիտի Գործէ»

September 17, 2026
Եի. «Չինաստանը Հանդէս Կու Գայ Իբրեւ Իրանի  Ռազմավարական Գործընկեր Եւ Պատրաստ Է  Պաշտպանելու Երկրի Օրինական Շահերը»
Միջազգային

Եի. «Չինաստանը Հանդէս Կու Գայ Իբրեւ Իրանի Ռազմավարական Գործընկեր Եւ Պատրաստ Է Պաշտպանելու Երկրի Օրինական Շահերը»

September 17, 2026
Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.