Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Կարապետեան Արտածող Եւ Ներածող Կազմակերպութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ Քննարկած Է Մարզի Խնդիրները

December 20, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

garabedian_121916

Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան 19 դեկտեմբերին կառավարութեան կեդրոնին մէջ հանդիպում ունեցած է Հայաստանի 10 ներածող կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, լսած անոնց գործունէութեան առնչուող խնդիրները եւ կառավարութենէն ակնկալուող այն քայլերը, որոնք բարենպաստ պայմաններ պիտի ստեղծեն հետագայ գործունէութեան համար:

Տնտեսվարողները յատկապէս նշած են, որ վերջին ժամանակաշրջանին փաստաթուղթերու շրջանառութեան, որոնց կարգին մաքսային ձեւակերպումներուն առնչուող հարցերուն կը տրուին գործնական լուծումներ: Իբրեւ խնդիր, անոնք առանձնացուցած են բեռնափոխադրումներու առնչուած հարցը, որ պայմանաւորուած է անբարենպաստ եղանակի պատճառով Վերին Լարսի մէջ ստեղծուող իրավիճակով:

Կարէն Կարապետեան տեղեկացուցած է, որ կառավարութիւնը ներկայիս քայլերու կը ձեռնարկէ փոխադրութեան նոր ձեւեր մշակելու եւ Վերին Լարսի ճամբու այլընտրանքային տարբերակներ գտնելու ու տնտեսվարողներուն առաջարկելու ուղղութեամբ` նշելով, որ անոնք կարելիութիւն պիտի տան ինչպէս թէ՛ ներածումը, եւ թէ՛ արտածումը կազմակերպել աւելի նպաստաւոր պայմաններու մէջ եւ կանխատեսելի ժամանակահատուածին:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ ներածող մեծ կազմակերպութիւններու գործունէութեան վերաբերող այլ հարցեր, որոնց կարգին` ներածուող որոշ ապրանքատեսակներու արտադրութիւնը Հայաստանի մէջ կազմակերպելու կարելիութիւնը:

Նշենք, որ օրեր առաջ վարչապետը հանդիպում ունեցած է նաեւ Հայաստանի 10 մեծ արտադրող-արտածող ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ եւ նշած, որ արտածման խթանման համար կառավարութիւնը կը նախատեսէ ձեռնարկութիւններուն նկատմամբ ցուցաբերել գործօն աջակցութիւն: Մասնաւորապէս, մարզին մէջ կը նախատեսուի մնայուն դիտարկման ենթարկել արտածումը կարգաւորող իրաւական սկզբունքները, բացայայտել եւ վերացնել վարչարարութեան խոչընդոտները: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են մարզին վերաբերող շարք մը հարցեր, մասնաւորապէս` Հայաստանի մէջ արտադրուած ապրանքներուն արտաքին շուկաներուն մէջ սպառման առնչուած:  Կարեւոր նկատուած է մաքսային վարչարարութեան ընթացակարգերու պարզեցման մեքանիզմներու մշակումն ու անոնցմէ բխող գործառոյթներու իրականացումը:

Վարչապետը շեշտած է, որ կառավարութիւնը հետեւողական պիտի ըլլայ բարձրացուած խնդիրներու լուծման գծով, քանի որ չափազանց կարեւոր կը նկատէ Հայաստանի մէջ արտածման միտող արտադրական ընկերութիւններուն գործունէութիւնը:

 

Նախորդը

Իրանի Նախագահը Պիտի Այցելէ Հայաստան

Յաջորդը

Շաւարշ Քոչարեան Անդրադարձած Է Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Փուլային Լուծման Տարբերակին

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.