
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ զինեալ ուժերու դէմ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներու գործած յարձակումին պատճառով սպաննուած է թուրք զինուոր մը եւ 9 ուրիշներ վիրաւորուած:
Թուրքիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտէն յայտնած են, որ «Եփրատի վահան» գործողութեան 118-րդ օրը իր կրած կորուստներուն կողքին հարուածներ հասցուցած է ՏԱՀԵՇ-ի պատկանող 218 թիրախներու` ոչնչացնելով ահաբեկչական խմբաւորման անդամ 11 զինեալներ:
Յիշեցնենք, որ թրքական բանակը 24 օգոստոս 2016-էն ի վեր Սուրիոյ մէջ շղթայազերծած է «Եփրատի վահան» անունը կրող զինուորական գործողութիւն մը:


