Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շուէտական Դատարանը Թուրք Գործիչի Հայատեաց Յայտարարութիւնները Ճանչցած Է Իբրեւ Քրէական Յանցագործութիւն

Դեկտեմբեր 16, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

leylani_121516

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Սթոքհոլմի դատարանը 14 դեկտեմբերին վճիռ արձակած է Շուէտի թրքական կազմակերպութիւններու համադրող կեդրոնի նախկին փոխնախագահ Պարպարոս Լէյլանիի գործին առնչութեամբ: Ան 9 ապրիլին Շուէտի ազրպէյճանական, թրքական եւ թուրքմենական շարք մը համայնքային կազմակերպութիւններու կողմէ Սթոքհոլմի կեդրոնը կազմակերպուած ցոյցի մը ընթացքին հանդէս եկած էր բացայայտ հայատեաց եւ ազգայնամոլական յայտարարութիւններով:

Դատարանը վճռած է, որ Շուէտի քրէական օրէնսգիրքի 16-րդ յօդուածի 8-րդ մասի 2-րդ կէտին համաձայն, Լէյլանին կատարած է ազգային խումբի դէմ ատելութեան սերմանումի յանցագործութիւն` ծանրացուցիչ հանգամանքներով: Ըստ դատարանի վճիռին, Լէյլանի դատապարտուած է երկու տարուան պայմանական բանտարկութեան եւ տուգանքի վճարման:

Մինչ այդ, 30 նոյեմբերին տեղի ունեցած դատական նիստին ընթացքին դատախազը առաջարկած էր Լէյլանին դատապարտել պայմանական բանտարկութեան եւ նշանակել տուգանք` հիմնաւորելով, որ յայտարարութեան մէջ յստակ խումբի մը դէմ ուղղուած սպառնալիք կատարուած է, ինչ որ տեղի ունեցած է Սթոքհոլմի կեդրոնը:

Դատապաշտպանը առաջարկած էր սահմանափակուիլ տուգանքով` հիմնաւորելով, որ մեղադրեալը գտնուած է հոգեկան անկայուն վիճակի մէջ, օգտագործած է ուժեղ դեղ եւ խօսքը արտասանած է յանպատրաստից:

Այսպիսով, դատարանը որոշած է ամբողջութեամբ բաւարարել դատախազին պահանջը եւ Լէյլանիի ազգայնամոլական եւ հայատեաց վարքագիծը որակել իբրեւ քրէական յանցագործութիւն:

Յիշեցնենք, որ 9 ապրիլ 2016-ին, Շուէտի թուրք աշխատաւորներու ընկերութիւններու դաշնակցութիւնը շուէտաբնակ ազրպէյճանցիներու հետ Սթոքհոլմի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ ազրպէյճանական զինուորական յարձակումին կապակցութեամբ «Թուրք` արթնցի՛ր» կոչերով հակահայկական հաւաք կատարած էր:

Դաշնակցութեան փոխնախագահ Լէյլանի իր թրքերէն խօսքին մէջ կատարած էր շարք մը հակահայկական ազգայնամոլական յայտարարութիւններ, մասնաւորաբար յայտարարելով. «Հասած է թուրք ազգի միաւորուելու ժամանակը: Թուրքը կ՛արթննայ, հայ շուներուն վերջ պիտի տրուի: Մա՛հ հայ շուներուն: Մա՛հ: Մա՛հ: Կը դիմեմ հաւատացեալ մարդոց: Խօսք մը կայ` հայրենիքի նկատմամբ սէրը կը բխի հաւատքէն: Հայրենիքը ուրիշին չի տրուիր: Եկած է թրքական հանրապետութիւններու միաւորուելու ժամանակը, անիկա արդէն հասունցած է: Բոլորին շնորհակալութիւն, որ եկած էք: Ասով մենք սքանտինաւեան բոլոր երկիրներուն, Եւրոպային ցոյց կու տանք, որ մենք արիւն չենք սիրեր, սակայն պատրաստ ենք արիւն թափելու»: Անոր «Մա՛հ հայ շուներուն, մա՛հ, մա՛հ» վանկարկումներուն միացած են ցոյցին մասնակիցները:

Միջադէպը 11 ապրիլին լայն արձագանգ ստացած էր շուէտական մամուլին մէջ: Շուէտահայ համայնքի բազմաթիւ կազմակերպութիւններ եւ անհատներ բողոք ներկայացուցած էին Շուէտի ոստիկանութեան տուեալ անձին դէմ դատ յարուցելու պահանջով:

Մեծ աղմուկին պատճառով Լէյլանի հեռացուած էր կազմակերպութեան մէջ վարած իր պաշտօնէն եւ ներում հայցած իր արտայայտութիւններու համար:

Նախորդը

Ազգային Ժողովը Ընդունեց «1000 Դրամ»-ի Օրէնքը Եւ Սկսաւ Կանոնակարգի Քննարկման

Յաջորդը

Ռուսիոյ Գաղտնի Սպասարկութիւնը Ռոստովի Մարզի Եւ Խրիմի Մէջ Կանխարգիլած Են Ահաբեկչական Արարքներ

RelatedPosts

Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան»  Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան» Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է  Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ  Պատանդներու Ազատ Արձակումը»
Գլխաւոր լուրեր

Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդներու Ազատ Արձակումը»

Հոկտեմբեր 29, 2025
Եւրոպական Խորհրդարանի Անդամ Ամոր Հայաստանի Մէջ.  «Երբ Կարծիքի Համար Կը Դատեն, Ուշադի՛ր,  Զգուշ Եղէ՛ք, Ատիկա Անընդունելի Է»
Հայկական

Եւրոպական Խորհրդարանի Անդամ Ամոր Հայաստանի Մէջ. «Երբ Կարծիքի Համար Կը Դատեն, Ուշադի՛ր, Զգուշ Եղէ՛ք, Ատիկա Անընդունելի Է»

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?