Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ֆրանսացի նոր նշանակուած համանախագահ Սթեֆան Վիսքոնթիի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղղութեամբ միացեալ ջանքեր գործադրել:
Ազրպէյճանական դիւանագիտութեան պետն ու ֆրանսացի համանախագահը կարծիքներ փոխանակած են տագնապի լուծման ուղղուած բանակցային հոլովոյթի աշխուժացման եւ ներկայ իրավիճակի փոփոխութեան վերաբերեալ: