Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սթոքհոլմի Մէջ Հակահայ Խօսք Արտասանած Թուրքը Ներում Կը Հայցէ

December 2, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

leylani_120116

«Արմէնփրես»` վկայակոչելով «Էյ.Էն.Էֆ.» լրատու գործակալութիւնը, կը հաղորդէ, որ Շուէտի մայրաքաղաք Սթոքհոլմի մէջ կազմակերպուած հակահայ հանրահաւաքի ժամանակ «Մա՛հ հայ շուներուն», «Անհրաժեշտութեան պարագային արիւն պիտի թափենք» արտայայտութիւնները օգտագործած թուրք գործիչ Պարպարոս Լէյլանի կանգնած է դատարանի առջեւ:

Դատական նիստին տեսակապի միջոցով միացած Լէյլանին ըսած է, թէ հանրահաւաքի օրը յոգնած եղած է, ինքզինք լաւ չէ զգացած եւ հոգեբանական խնդիրներու պատճառով դեղահատեր կլլած է, խօսած է առանց նախապէս պատրաստուելու: Ան յայտնած է, թէ «շուն» բառը չէ արտասանած խաղաղասէր հայերուն համար: Դատախազի հարցումին, թէ ինչո՞ւ յայտարարած է, որ արիւն պիտի թափուի, Լէյլանին պատասխանած է. «Ես ըսած եմ, որ մեր երկիրը պաշտպանելու համար եթէ անհրաժեշտ ըլլայ, արիւն պիտի թափուի»: Դատաւորի հարցումին, թէ արդեօք որեւէ ըսելիք ունի՞, Լէյլանի պատասխանած է. «Ներում կը հայցեմ»:

Դատախազը յայտնած է, որ «ժողովուրդի մէկ հատուածին դէմ խտրականութիւն դրսեւորելու» մեղադրանքով Լէյլանին կրնայ մինչեւ երկու տարուան պայմանական բանտարկութեան ենթարկուիլ եւ դրամական փոխհատուցում կատարել: Դատարանը Լէյլանիի գործով որոշումը պիտի հրապարակէ 14 դեկտեմբերին:

Շուէտի թուրք աշխատաւորներու ընկերութիւններու դաշնակցութիւնը շուէտաբնակ ազրպէյճանցիներուն հետ 9 ապրիլ 2016-ին Սթոքհոլմի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ ազրպէյճանական զինուորական յարձակումի կապակցութեամբ «Թուրք` արթնցի՛ր» կոչերով հակահայկական ցոյց կատարած են:

Դաշնակցութեան փոխնախագահ Պարպարոս Լէյլանի իր արտասանած թրքերէն խօսքին մէջ կատարած է շարք մը հակահայկական եւ ազգայնամոլական յայտարարութիւններ, մասնաւորաբար յայտարարելով. «Հասած է թուրք ազգի միաւորուելու ժամանակը: Թուրքը կ՛արթննայ, հայ շուներուն վերջ պիտի տրուի: Մա՛հ հայ շուներուն: Մա՛հ: Մա՛հ: Կը դիմեմ հաւատացեալ մարդոց: Մէկ խօսք կայ` հայրենիքի նկատմամբ սէրը կը բխի հաւատքէն: Հայրենիքը ուրիշին չի տրուիր: Եկած է թրքական հանրապետութիւններու միաւորուելու ժամանակը, անիկա արդէն հասունցած է: Բոլորին շնորհակալութիւն, որ եկած էք: Ասով մենք բոլոր սքանտինաւեան երկիրներուն, Եւրոպային ցոյց կու տանք, որ մենք արիւն չենք սիրեր, սակայն պատրաստ ենք արիւն թափելու»: Անոր «Մա՛հ հայ շուներուն, մա՛հ, մա՛հ» վանկարկումներուն միացած են ցոյցի մասնակիցները:

Դէպքը 11 ապրիլին լայն արձագանգ ստացած է շուէտական մամուլին մէջ: Շուէտահայ համայնքի բազմաթիւ կազմակերպութիւններ եւ անհատներ բողոք ներկայացուցած են Շուէտի ոստիկանութեան տուեալ անձին դէմ դատ բանալու պահանջով:

Մեծ աղմուկի պատճառով Լէյլանը հեռացուած էր կազմակերպութեան մէջ իր պաշտօնէն եւ ներում հայցած իր արտայայտութիւններուն համար:

 

Նախորդը

Դեսպան Մկրտչեան Իր Հաւատարմագիրները Յանձնեց Նախագահ Աունին

Յաջորդը

ՀՅԴ Երիտասարդականի Մասնակցութիւնը Եւրոպական Երիտասարդ Ընկերվարականներու Ժողովին

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.