
Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ «խարդախութիւն» նկատած է նախագահական ընտրութեան վերահաշուարկի փորձը եւ պահանջած անմիջապէս ճանչնալ ընտրութեան արդիւնքը:
Նախապէս Կանաչներու կուսակցութեան նախագահական թեկնածու Ճիլ Շթայն հայց ներկայացուցած էր Փենսիլվանիա, Միչիկըն եւ Ուիսքանսըն նահանգներուն մէջ քուէներու վերահաշուարկ կատարելու համար: Ան յայտարարած էր, որ չի կասկածիր Թրամփի ընտրուելուն, սակայն կ՛ուզէ ապահովել ընտրութեան արդարացիութիւնը:
«Ժողովուրդը արտայայտած է իր կամքը, ընտրութիւնը աւարտած է: Ինչպէս ինքնին Հիլըրի Քլինթըն ըսաւ իր պարտութիւնը ընդունելու եւ զիս շնորհաւորելու ատեն. «Մենք պէտք է ընդունինք արդիւնքը եւ նայինք դէպի ապագայ», ըսաւ Թրամփ:
Ան իր գրաւոր անդրադարձին մէջ նշեց. «Վերահաշուարկը Ճիլ Շթայնի համար գրպանները լեցնելու կարելիութիւն է»:
Ըստ Թրամփի, վերահաշուարկը Կանաչներու կուսակցութեան խարդախութիւնն է ընտրութեան վերաբերեալ, ուր պարտուած կողմը արդէն ճանչցած է իր պարտութիւնը, իսկ ընտրութեան արդիւնքները պէտք է յարգել եւ ոչ թէ խոչընդոտել:


