Թրքական «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ»-ը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ բանակի սպայակոյտի պետ Հուլուսի Աքար 20 նոյեմբերին զայրացած անդրադարձած է Հայաստանի Ազգային ժողովի անդամ Կորիւն Նահապետեանին, երբ վերջինս ՕԹԱՆ-ի խորհրդարանական համախմբումի 62-րդ նիստի հարց-պատասխանի ընթացքին խօսած է «անհերքելի ցեղասպանութեան» մասին:
«Կարգ մը երկիրներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալը ոչինչ կը փոխէ», ըսած է Աքար` պատասխանելով Նահապետեանի ակնարկին, որ 26 երկիրներ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած են:
«Որեւէ երկիր կրնայ բան մը իբրեւ ցեղասպանութիւն ճանչնալու իր իրաւունքը օգտագործել: Երբ Կալիլէօ Կալիլէի 16-րդ դարուն ըսաւ, որ Երկիր մոլորակը արեւուն շուրջ կը դառնայ, ամբողջ աշխարհը անոր դէմ կանգնեցաւ: Սակայն ատիկա իրողութիւնը չփոխեց: Նոյնիսկ, եթէ ամբողջ աշխարհը ըսէ, թէ ցեղասպանութիւն է, ատիկա չի փոխեր այն իրողութիւնը, թէ այդպիսի բան տեղի չէ ունեցած», աւելցուցած է ան:
Նահապետեան նոյն հարցումը ուղղած է Թուրքիոյ գիտութեան, ճարտարարուեստի եւ ճարտարագիտութեան նախարար Ֆարուք Էօզլուի, որ մերժած է հարցումին պատասխանել:
19 նոյեմբերին այլ վէճ մը ծագած է Նահապետեանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի միջեւ, երբ հայ խորհրդարանականը յայտնած է, որ Թուրքիան ՏԱՀԵՇ-ին կ՛աջակցի:
«Մենք կրնանք տարբեր տեսակէտներ ունենալ, սակայն նախ եւ առաջ պէտք է անկեղծ ըլլանք, մանաւանդ երբ քաղաքագէտներ ենք», պատասխանած է Չաւուշօղլու:
«Դժբախտաբար, մեր հայ բարեկամները երբեք անկեղծ չեն: Ինչպէ՞ս կրնաս ըսել, թէ ՏԱՀԵՇ-ի աջակցած ենք: Ո՞ր երկիրը Թուրքիոյ չափ ՏԱՀԵՇ-ի անդամներ սպաննած է», ըսած է ան: