Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ վերջերս հանդիպում մը տեղի ունեցած է Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Փոլ Ռայընի եւ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեանի միջեւ. ընթացքին քննուած են ամերիկահայութեան համար առաջնահերթ կարեւորութիւն ներկայացնող հարցեր, յատկապէս` երկրին արտաքին քաղաքականութեան մէջ:
Նշենք, որ Ներկայացուցիչներու տան հանրապետական մեծամասնութիւնը 15 նոյեմբերին յաջորդ երկու տարուան համար նախագահ վերընտրած է Ռայընը:
Հանդիպման ընթացքին, Րաֆֆի Համբարեան պատրաստակամութիւն յայտնած է մօտէն գործակցելու Ռայընի եւ հանրապետական մեծամասնութեան, ինչպէս նաեւ` դեմոկրատական փոքրամասնութեան ղեկավարներ Նենսի Փելոսիի եւ Սթենի Հոյըրի հետ, յունուար 2017-ին ճամբայ մեկնող 115-րդ Քոնկրեսին մէջ ամերիկահայութիւնը յուզող հարցերուն լաւագոյն լուծումներ ապահովելու համար:
Համբարեան շեշտած է, թէ Հայ դատի յանձնախումբը Ներկայացուցիչներու տան ղեկավարութեան եւ իր հանրապետական բարեկամներուն հետ գործակցաբար, իր մտահոգութիւնները եւ նախապատուութիւնները պիտի հասցնէ նորակազմ կառավարութեան` առանձնացնելով հետեւեալները.
– Վերջ տալ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ուրացման գծով ամերիկեան մեղսակցութեան:
– Ամերիկեան նեցուկ ապահովել Արցախի ինքնորոշման եւ անկախութեան:
– Ճնշում բանեցնել Ազրպէյճանի վրայ, որպէսզի ընդունի քոնկրեսականներ Ռոյսի եւ Էնկըլի առաջադրութիւնները, որոնք են` արձակազէններու եւ ծանր զէնքերու հեռացում սահմանէն, ԵԱՀԿ-ի յաւելեալ դէտերու տեղադրում եւ կրակոցներու սկզբնաղբիւրը բացայայտող սարքաւորումներու տեղադրում:
– Արցախի տնտեսական օժանդակութեանց ապահովում` նեցուկ կանգնելու համար շրջանի վերակառուցման եւ ականազերծման ջանքերուն:
– Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ տուրքերու նոր համաձայնագիրի ստորագրութիւն` կրկնակի տուրքերէ խուսափելու նպատակով:
– «Հազարամեակի մարտահրաւէրներ»-ու ծիրին մէջ Հայաստանի հետ նոր համաձայնութեան գոյացում` նպաստելու համար Հայաստանի գիտութեան, ճարտարարուեստի, կրթութեան եւ ուսողութեան (STEM) մարզերուն:
– Հիմնականօրէն վերատեսութեան ենթարկել Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա յարաբերութիւնները` սահմանափակելով զէնքերու վաճառքը եւ փոխելով ՕԹԱՆ-ի հիւլէական զէնքերու վայրերը:
– Սուրիայէն եւ Միջին Արեւելքի այլ երկիրներէ Հայաստան եկած հայերուն եւ այլ գաղթականներուն կարիքները հոգալու նպատակով օժանդակութեանց տրամադրում Հայաստանին:
– Երաշխիքներու ապահովում, որ սուրիահայութիւնը Սուրիոյ մէջ կարիքաւորներուն տրամադրուող ամերիկեան օժանդակութիւններէն իր արդար բաժինը ստանայ:
Յայտնենք, թէ Ռայըն 2010-ին այդ օրերու Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոսիին դիմած էր` պատրաստակամութիւն յայտնելով նեցուկ կանգնելու Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 252 բանաձեւին, սակայն Փելոսի մերժած էր քուէարկութեան դնել բանաձեւը: