Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու հետ սկիզբէն փոխադարձ հասկացողութիւն գոյացուցինք Մընպեժի մէջ Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան ներկայութեան վերջ տալու եւ Եփրատէն դէպի արեւելք հեռանալու շուրջ, եւ անոնք ամէն հանդիպումի ընթացքին կ՛ըսեն, որ յանձնառու են այդ փոխադարձ հասկացողութեան»:
«Տակաւին ատոր իրագործման կը սպասենք», նշեց Եըլտըրըմ` ընդգծելով. «Այսպէս կամ այնպէս պէտք է հեռանան»: