Հայաստանը ներկայացնող Դաւիթ Խաչատրեան, Տոնի Ռոսթովի մէջ տեղի ունեցած խառն մենամարտերուն մրցաշարքին, իրաւարարներու միաձայն որոշումով յաղթեց ուքրանացի Անաթոլի Սաֆրոնովին:
Խաչատրեան իր այս յաղթանակը նուիրեց Ազրպէյճանի դէմ Արցախի սահմանները պաշտպանելու ընթացքին քաջաբար զոհուած եւ յետմահու Արցախի հերոսի կոչում ստացած Ռոպերթ Աբաջեանի յիշատակին:
Նշենք, որ 16 նոյեմբերին հերոս Ռոպերթ Աբաջեան պիտի դառնար 20 տարեկան: