Յաջորդաբար 8-րդ մոնտիալին մասնակցելու Միացեալ Նահանգներու յոյսերը կրնան ի դերեւ ելլել` նկատի ունենալով, որ նախանցեալ օր գերմանացի մարզիչ Եիւրկըն Քլինսմանի կազմը կրեց իր երկրորդ յաջորդական պարտութիւնը այս անգամ Քոսթա Ռիքայէն` 4-0 արդիւնքով:
Իրենց կրած այս պարտութենէն ետք, այժմ ամերիկացիք կը գրաւեն վերջին դիրքը (վեց խումբերուն մէջ), առանց որեւէ կէտի:
Այժմ Քոսթա Ռիքա ունի 6 կէտ, որուն կը յաջորդէ Փանամա` 4 կէտով:
Երթուդարձի մրցումներէն ետք (ընդամէնը` 10 մրցում) առաջին երեք դիրքերը գրաւող կազմերը կ՛ապահովեն Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք 2018-ի մոնտիալի իրենց տոմսերը, մինչ չորրորդ դիրքը գրաւողը փլէյ-օֆի մրցում կը կատարէ ասիական կազմի մը դէմ: