
Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը համերաշխութիւն յայտնած է Թուրքիոյ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան:
«Խստագոյնս կը դատապարտենք Էրտողանը եւ Թուրքիոյ կառավարութիւնը Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահներ Տեմիրթաշի եւ Եիւքսեքտաղի, ինչպէս նաեւ 9 երեսփոխաններու ապօրինի ձերբակալութեան համար», ըսուած է յանձնախումբի յայտարարութեան մէջ:


