«Էրմենիհապեր» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ցանկով ընտրուած հայ երեսփոխան Սելինա Տողան 3 նոյեմբերին բարձրացուց մէկ օր առաջ Ատըեաման քաղաքի ասորական գերեզմանատան պղծումին հարցը` պահանջելով պահպանութեան տակ առնել բոլոր փոքրամասնութիւններուն գերեզմանատուները: Խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին, Տողան ոչ իսլամներու գերեզմանատուներուն նկատմամբ տեղի ունեցող ոտնձգութիւնները որակեց իբրեւ յարձակում` միասին ապրելու մշակոյթին վրայ:
Տողան նաեւ նշեց, որ ասորական Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ կից գտնուող գերեզմանատունը նման յարձակումի ենթարկուած էր նաեւ 2006-ին: Հայ երեսփոխանը յիշեցուց հայկական գերեզմանատուներուն դէմ ոտնձգութիւնները, յատկապէս` գանձ փնտռողներու կողմէ: Ան նաեւ պահանջեց անյապաղ յայտնաբերել եւ պատժել յարձակումը կատարողները:
Նշենք, որ ասորական գերեզմանատան վրայ յարձակումին ընթացքին պղծուած են 10 գերեզմաններ: