Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահը Արագաչափերու Եւ Վճարովի Կառատուներու Գործունէութեան Վերաբերեալ Յանձնարարականեր Տուած Է

November 3, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

nakhakah_110216

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ  խորհրդակցութեան հրաւիրած է ճանապարհային երթեւեկութեան կանոններու նկատմամբ վերահսկողական համակարգերու եւ վճարովի կառատուներու կազմակերպման ծրագիրին վերաբերեալ հարցերու քննարկման նպատակով:

Խորհրդակցութեան մասնակցած են Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Արմէն Գէորգեան, փոխվարչապետ, միջազգային տնտեսական համարկման եւ բարեփոխումներու նախարար Վաչէ Գաբրիէլեան, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան, Հայաստանի ոստիկանութեան պետ Վլատիմիր Գասպարեան, նախագահի վերահսկողական ծառայութեան ղեկավար Ֆելիքս Ցոլակեան, Հայաստանի գլխաւոր հարկադիր կատարողի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Արմէն Յարութիւնեան, Հայաստանի ոստիկանութեան «Ճանապարհային ոստիկանութիւն» ծառայութեան պետ Եգոր Կարապետեան, աշխատակազմի համապատասխան պաշտօնատար անձեր:

Քննարկուած են ճանապարհային երթեւեկութեան կանոններու  նկատմամբ վերահսկողական համակարգերու եւ վճարովի կառատուներու ծրագիրի ներդրման հիմնական արդիւնքներն ու ֆինանսական ցուցանիշները, ճանապարհային երթեւեկութեան կարգաւորման մարզին մէջ առկայ խնդիրներու մշտադիտարկման վերաբերեալ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի վերահսկողական ծառայութեան ուսումնասիրութեան եզրակացութիւնները:

Մինչ այդ, հանրապետութեան նախագահը իր մօտեցումներն ու դիտարկումները ներկայացուցած է քննարկուող նիւթին վերաբերեալ եւ տուած է համապատասխան յանձնարարականներ:

«Ճանապարհային երթեւեկութեան կարգաւորման մասին մենք շատ խօսած ենք: Ասիկա մնայուն նիւթ է, ուրեմն ուշադրութիւնն ալ անհրաժեշտ է, որ ըլլայ մնայուն: Երեք-չորս տարի առաջ, հաշուի առնելով Երեւանի եւ ընդհանրապէս հանրապետութեան մէջ  մեքենաներու թիւի անշեղօրէն աճը եւ անոր հետ կապուած նաեւ անյարմարութիւնները, մենք, ուսումնասիրելով միջազգային փորձառութիւնը, որոշում տուինք պետութիւն-մասնաւոր համագործակցութեան միջոցով սկիզբէն Երեւանի մէջ, այնուհետեւ նաեւ հանրապետութեան հիմնական մայրուղիներուն մէջ ներդնել համապատասխան համակարգ, որուն նպատակն էր նուազեցնել մարդկային գործօնի ազդեցութիւնը այդ հոլովոյթներուն վրայ», ըսաւ նախագահ Սարգսեան:

Ամփոփելով խորհրդակցութեան արդիւնքները` Հանրապետութեան նախագահը յանձնարարած է Հայաստանի հանրապետութեան ոստիկանութեան պետին եւ առաջարկած է Երեւանի քաղաքապետին` «Սեքիւրիթի տրիմ»-ի եւ «Փարքինկ Սիթի Սերվիս» ու «Լոկատոր» ընկերութիւններուն հետ բանակցութիւններու արդիւնքով 10-օրեայ  ժամկէտի մը սահմաններուն մէջ համապատասխան իրաւական մեքանիզմներ մշակել, որպէսզի սեփականութեան ձեւով պայմանաւորուած անոնց գործառոյթները, այդ կարգին` ելեւմտական հոսքերու տնօրինումն ու կառավարումը անցնին պետական եւ  համայնքային կառոյցներուն: Միաժամանակ, քննարկել այդ համակարգերուն մէջ մարդկային գործօնի ազդեցութեան նուազեցման ու կողմնակի միջամտութիւնները բացառող բոլոր վերահսկողական կառուցակարգերու լիարժէք պահպանման ու շարունակական կատարելագործման կարելիութիւնները` համապատասխան առաջարկները ներկայացնելով Հայաստանի Հանրապետութեան  կառավարութեան քննարկման:

Նախագահի խօսքէն եւ կատարուած մատնանշումներէն ետք, իւրաքանչիւր պատասխանատու իր մարզին հետ կապուած զեկուցում ներկայացուցած է:

Նախորդը

Փութին Կը Հրամայէ Հալէպի Մէջ Օդային Հարուածներու Արգելքը Երկարաձգել Մինչեւ Ուրբաթ

Յաջորդը

Լեւոն Մկրտչեան. «Պէտք Է Ստեղծենք Լուրջ Գիտական Կեդրոն, Որ Զբաղի Դասագիրքեր Պատրաստելու Գործով»

RelatedPosts

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ Հերքած Է Ազրպէյճանցիի Մեղադրանքը
Հայկական

Ըստ Հայաստանի Իշխանութիւններուն Գերիներու Հարցի Լուծման Ուղին Կ՛անցնի Ազրպէյճանի Հետ Երկխօսութեան Ընդմէջէն

October 30, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.