Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Այս Կանոնակարգը Պէտք Է Փոխուի» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

Նոյեմբեր 1, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

rusdamian_103116

Յունուար ամիսէն սկսեալ կը պատրաստուէր Ազգային ժողովի կանոնակարգ օրէնքը, որ Ազգային ժողովի քննարկման օրակարգին վրայ էր, անոր վերաբերեալ հնչած են բազմաթիւ քննադատական կարծիքներ:

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան «Առաջին լրատուական»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ներկայացուց իր դիտարկումները կանոնակարգ-օրէնքի նախագիծին վերաբերեալ: Անոր կարծիքով` ասիկա իսկապէս համակարգաստեղծ օրէնք է, եւ լուրջ աշխատանք կատարուած է:

«Այս կանոնակարգը երկու ձեւերուն հետ կապուած լուծումը պիտի տայ  մեզի. կա՛մ ամրապնդել խորհրդարանական համակարգին մէջ խորհրդարանին դերը, որ իսկապէս հակակշիռ կը դառնայ գործադիր մարմինին, կա՛մ թուլացնել այդ դերը, այդ պարագային գործադիրը  աւելի մեծ դեր կ՛ունենայ: Առաջին պարագային դասական խորհրդարանական համակարգ կ՛ունենանք, միւս պարագային, այսպէս ըսած, վարչապետական համակարգ: Մինչ այսօր լիազօրութիւնները գերկեդրոնացած էին նախագահին ձեռքը, հիմա պէտք չէ ստեղծուի այնպիսի վիճակ, որ անունը փոխուի, բայց լիազօրութիւնները պահպանուին. մեր հիմնական խնդիրը այն պէտք է ըլլայ, որ ատիկա թոյլ չտանք, որովհետեւ իշխանական բուրգին մէջ ապակեդրոնացում  կատարուած է եւ հակակշռման, զսպման եւ օրէնսդիր ու գործադիր մարմիններու տարանջատման խնդիրները շատ լաւ պէտք է իրականացուին», ընդգծեց Ռուստամեան:

Անդրադառնալով այն դիտարկումին` որ ընդդիմութիւնը մինչեւ այժմ շատ մը հարցերու մէջ իրաւունքներէն` մասնաւորապէս արտահերթ նիստ հրաւիրելու, ստորագրահաւաքներ կազմակերպելու կարելիութենէն զրկուած եղած է, միշտ ձայներու խնդիր յառաջացած է, Արմէն Ռուստամեան նշեց. «Նոր կանոնակարգին համաձայն, այդ խնդիրը վերացած է, ընդդիմութեան արտահերթ նիստեր հրաւիրելու եւ այլ կարելիութիւններ տրուած են, 1/3-ի առկայութեան պարագային»:

Արմէն Ռուստամեան վստահ է, որ յաջորդ Ազգային ժողովը նորէն պիտի փոխէ կանոնակարգ օրէնքը: «Այս կանոնակարգը պէտք է փոխուի», հաստատեց ան:

ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավարին հաստատումով` Ազգային ժողովի  աշխատանքը պիտի դառնայ ամէնօրեայ աշխատանք, բացի ատկէ` 1/5-ը կրնայ կարելիութիւն ունենալ դադրեցնելու, օրինակ, այն պատգամաւորներուն լիազօրութիւնները, որոնք երբեք չեն երեւցած, ժողովուրդին անտեսանելի ներկայացուցիչներ կը կոչուին, այդպիսի մեքանիզմ կայ այս կանոնակարգով նախատեսուած»:

ՀՅԴ-ն Չի Բացառեր, Որ Սերժ Սարգսեանը Ըլլայ Վարչապետ

Ռուզաննա Ստեփանեանի կողմէ պատրաստուած տեղեկագրութեան համաձայն, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը չի բացառեր, որ 2017-ի խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք նախագահ Սերժ Սարգսեան ստանձնէ  վարչապետի պաշտօնը:

«Ես ոչ մէկ բան կը բացառեմ: Քաղաքականութեան մէջ իմ հիմնական մօտեցումս այն եղած է, որ երբեք որեւէ բան պէտք չէ բացառել: Իրավիճակները կը փոխուին, եւ այդ պատճառով երբեք մի՛ ըսէք երբեք: Ատիկա շատ կարեւոր է բոլոր քաղաքական ուժերուն եւ գործիչներուն  համար, որովհետեւ կը տեսնենք` բան մը կ՛ըսուի, յետոյ այլ բան տեղի կ՛ունենայ», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրուցելով ըսած է ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան:

Յայտնենք, որ մօտ երկու տարի առաջ նախագահ Սերժ Սարգսեան պաշտօնապէս յայտարարած էր, որ խորհրդարանական համակարգին անցնելու պարագային ինք չի յաւակնիր վարչապետի պաշտօնին: «Ես` Սերժ Սարգսեանս, այլեւս երբեք պիտի չառաջադրուիմ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին համար: Եթէ վերջնական քննարկումներու հիմամբ իմ ցանկութեան չհամապատասխանող ուղի ընտրուի, նկատի ունիմ խորհրդարանական կառավարման համակարգը, ապա ես չեմ յաւակնիր նաեւ վարչապետի պաշտօնին: Վստահ եմ նոյնիսկ, որ մէկ մարդը երկու անգամէ աւելի իր կեանքին ընթացքին պէտք չէ յաւակնի ընդհանրապէս երկրի կառավարման ղեկին Հայաստանի մէջ», յայտարարած էր նախագահը:

Մինչդեռ սահմանադրական փոփոխութիւններէն ետք Սերժ Սարգսեան այդ կարելիութիւնը չի բացառեր: Նախորդ շաբաթ «Ժազիրա»  պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին նախագահ Սարգսեան ըսած էր, թէ իր վարչապետ դառնալու հարցը պայմանաւորուած է ընտրութիւններուն իշխող Հանրապետական կուսակցութեան ստացած քուէներու թիւով: «Որպէսզի ես այդպիսի տարբերակ դիտարկեմ, առնուազն մեր կուսակցութիւնը պէտք է ընտրութիւններուն  շատ լաւ քուէ ստանայ», յայտնած էր նախագահը:

«Սահմանադրական փոփոխութիւնները պաշտպանած եւ երկրի խորհրդարանական համակարգին ջատագով Դաշնակցութեան խմբակցութեան ղեկավարը համաձայն չէ, թէ երկրի կառավարման ձեւը  փոխելով` Սերժ Սարգսեանը իշխանութեան ղեկին մնալու կարելիութիւնը ստացաւ», գրած է լրագրողը:

Արմէն Ռուստամեան շեշտած է, որ Դաշնակցութեան համար կարեւոր է այն, թէ ինչպէ՛ս պիտի կատարուին 2017-ի խորհրդարանական ընտրութիւնները: Եւ եթէ ընտրութիւններուն արդիւնքներուն նկատմամբ ոչ մէկ կասկած գոյութիւն ունենայ, ապա, ըստ Ռուստամեանի, Սերժ Սարգսեանի մնալու հարցը ոչ ոքի կը հետաքրքրէ:

«Եւ այդ ընտրութիւններու արդիւնքներուն վրայ, որ որեւէ մէկը չկասկածի, արդե՞օք որեւէ մէկուն համար ալ խնդիր կը յառաջանայ, եթէ Սերժ Սարգսեանը մնաց, թէ գնաց: Առնենք տարբեր երկիրներու  օրինակներ, կան, չէ՞, որ քանի մը անգամ նոյն քաղաքական ուժը իր իշխանութիւնը կը պահպանէ, հիմա այնտեղ կը վերարտադրուի՞ն, թէ՞ կը վերընտրուին: Ոչ ոք կը կասկածի, չէ՞, անոնց ընտրուելու հոլովոյթներուն վրայ, այդ պատճառով ալ չ՛ըսուիր` վերարտադրուած են: Ես ալ նոյնը կ՛ըսեմ` եթէ Հայաստանի մէջ մենք իսկապէս ունենանք ընտրութիւններու կայացման բնական աւանդութիւն, այդ ժամանակ հարց չի յառաջանար` Սերժ Սարգսեանը կը մնա՞յ, թէ՞ կ՛երթայ, քաղաքական ուժը, որ կ՛իշխէր, մնա՞ց, թէ՞ գնաց: Այնպէս ըրէք, թող չմնայ, դուք ունիք այդ կարելիութիւնը ընելու, թող ժողովուրդը արդէն մտածէ, որ փոխուած  է վիճակը եւ պէտք չէ մեղադրել ուրիշները, այս համակարգը պատասխանատուութիւն կը յառաջացնէ բոլորին համար», ըսած է Ռուստամեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ եթէ այնուամենայնիւ նման որոշում տրուի, որ Սերժ Սարգսեանը վարչապետի պաշտօն ստանձնէ, Դաշնակցութիւնը պիտի ողջունէ՞ այս քայլը, կամ պիտի ունենայ այն կարծիքը, որ Սերժ Սարգսեան ո՛չ նախագահ, ո՛չ ալ վարչապետ պէտք է ըլլայ` ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավարը ըսած է. «Մենք անձերու հետ, անգամ մը եւս կ՛ըսեմ, երբեք խնդիր չենք ունեցած, մենք ունինք հարց բնական, արդար համակարգ ձեւաւորելու հետ, եւ այդ ալ կը կատարենք: Հիմա կ՛ըսեմ` փոխած ենք ընտրական համակարգը այնպէս, որ ես վստահ եմ, թէ աննախադէպ ընտրութիւններ պիտի ըլլան, եւ այդ առումով մենք ունինք կարելիութիւն իշխանութիւն փոխելու ընտրութիւններու միջոցով, ոչ թէ արիւն թափելու միջոցով: Ասիկա գլխաւոր հարցերէն մէկն է: Երկրորդը` ինչպիսի՛ն ալ ըլլայ այսօր Սերժ Սարգսեանի հետագայ կարգավիճակը, ան չի կրնար ունենալ այն լիազօրութիւնները, ինչ որ ունէր այս համակարգով: Ասիկա նոյնպէս շատերը տակաւին չեն հասկցած, բայց պիտի հասկնան: Այսօր, եթէ առնեն, կարդան, քիչ մը աչքերը բաց նային, կը տեսնեն, որ վարչապետը չունի այն լծակները, ինչ որ ունի այսօրուան գործող նախագահը, այսինքն` նոյն նախկին Սերժ Սարգսեանը այլեւս չի կրնար ըլլալ որեւէ ձեւով»:

 

Նախորդը

Քուրթուլմուշ. «Եփրատի Վահան» Գործողութիւնը Կը Շարունակուի Ըստ Ծրագիրին»

Յաջորդը

Արցախի Նախագահը Ընդունեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին

RelatedPosts

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով  Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան
Գլխաւոր լուրեր

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան

Մայիս 10, 2025
Քոնկրեսին Մէջ Արցախի  Եւ Հայ Գերիներու Տագնապի Քննարկում
Հայկական

Քոնկրեսին Մէջ Արցախի Եւ Հայ Գերիներու Տագնապի Քննարկում

Մայիս 3, 2025
Ռուբէն Վարդանեանի Որդին Դիմած Է Թրամփին`  Գերիները Ազատ Արձակելու Խնդրանքով
Հայկական

Ռուբէն Վարդանեանի Որդին Դիմած Է Թրամփին` Գերիները Ազատ Արձակելու Խնդրանքով

Մայիս 3, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?