
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պահրամ Քասեմի ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան իրանեան գրասենեակին յայտնած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ ոչ մէկ երկիր կրնայ այնպիսի դրական դեր ունենալ, ինչպէս Իրանը, սակայն այժմ Թեհրանի միջնորդութիւնը օրակարգի վրայ չէ:
Ան նշած է, որ Իրան Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք միջնորդի կարեւոր դեր խաղացած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ:
Քասեմի նշած է, որ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի Երեւան նախատեսուած այցելութեան ժամանակ պիտի չքննարկուի միջնորդութեան հարցը, այլ պիտի քննարկուին երկկողմանի յարաբերութիւնները:
«Իմ ունեցած տուեալներով` այժմ միջնորդութեան մասին հարցը օրակարգի վրայ չէ: Յոյսով եմ, որ այդ խնդիրը, որ կրնայ վտանգ ներկայացնել շրջանին համար, մօտ օրէն արդարացիօրէն կը լուծուի», ըսած է ան:


