
Հայաստանի ֆութպոլի գործող ախոյեան, Ալաշկերտ Երեւանի գլխաւոր մարզիչ Աբրահամ Խաշմանեան ներկայացուց իր հրաժարականը: Ան այդ մասին յայտնեց News.am-Sport կայքի թղթակիցին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին:
48 տարեկան ֆութպոլի մասնագէտը իր այս որոշումը տուաւ, երբ իր կազմը պարտուելէ ետք Փիւնիկ Երեւանէն, դուրս մնաց Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքէն:
Խաշմանեան, որ 2014-ին գլխաւորեց Ալաշկերտը, անոր հետ այս տարի հանդիսացաւ Հայաստանի ախոյեան, երկրի ֆութպոլի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով:
Նշենք, որ Ալաշկերտի` բաժակի մրցաշարքէն դուրս մնալէն կարճ ժամանակ ետք ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբի նախագահ Բագրատ Նաւոյեան կը պահանջէ անոր հրաժարականը:


