
Մասնակցութեամբ 35 երկիրներէ 280 հեծելանւորդներու, երէկ Փարիզի (Ֆրանսա) մերձակայքը գտնուող Սենթ Քանթէն Ան Իվելին քաղաքին մէջ սկսաւ Եւրոպայի հեծելարշաւի ախոյեանութիւնը:
Հայաստան իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցի այս ախոյեանութեան:
Հայաստանի ներկայացուցիչը այս ախոյեանութեան պիտի ըլլայ 23 տարեկան հեծելանւորդ Մհեր Մկրտչեան:
Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արմէն Գէօզալեան, անդրադառնալով այս ախոյեանութեան, News.am-Sport կայքի թղթակիցին ըսաւ հետեւեալը.
«Նախապէս մասնակցած ենք երիտասարդներու եւ 23 տարեկանէն վար ախոյեանութիւններուն: Կը կարծեմ, որ այժմ ժամանակը հասած է, որ մեր ուժերը փորձենք մեծերու, Եւրոպայի եւ աշխարհի ախոյեանութիւններուն:
«Մեր մասնակիցը` Մկրտչեան, Հայաստանի 2016-ի ախոյեանը ըլլալէ բացի, 2011-ին եղած է աշխարհի երիտասարդական ախոյեանութեան կրկնակի արծաթէ մետալակիր:
«Յոյսով ենք, որ ան լաւ արդիւնք ձեռք ձգէ Ֆրանսայի մէջ»:


