
Ողիմպիական խաղերու փոխախոյեան Միհրան Յարութիւնեան յաջող վիրաբուժութեան մը ենթարկուեցաւ Գերմանիոյ մէջ, յայտնեցին հայկական լրատուամիջոցները:
«27 տարեկան մեր ըմբիշին վիրաբուժութիւնը անցաւ շատ յաջող: Շնորհակալութիւն կը յայտնենք բժիշկին` անոր կատարած այս յաջող վիրաբուժութեան համար: Մեր դիմաց այժմ ունինք ապաքինումի հանգրուանը, որ պիտի տեւէ քանի մը ամիս», յայտնեց Յարութիւնեանին ընկերակցած մարզական պատասխանատու Արսէն Բադալեան:
Նշենք, որ Յարութիւնեան Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ աւարտած 31-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերուն հանդէս եկած էր ուսի վնասուածքով:
Աւարտականին ան կողմնակալ իրաւարարութեան զոհ երթալով պարտուած էր սերպ Տաւոր Շթեֆանեքէն:


