
Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ տեղի ունեցած Ալաշկերտ-Շիրակ մրցումէն (16 հոկտեմբեր) օր մը ետք, Շիրակ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին նամակ մը գրելով բողոքեց օրուան կեդրոնի իրաւարար Սուրէն Բալեանի կողմէ 32-րդ վայրկեանին սուլուած անարդար փենալթիին դէմ:
Օրուան հսկիչը Գ. Յովհաննիսեան, ֆետերասիոնին ուղարկած իր տեղեկագիրին մէջ Բալեանին արարքը գնահատեց «անբաւարար»:
Քննելէ ետք այս հարցը` ֆետերասիոնը որոշեց որակազրկել իրաւարար Բալեանը, իր տուած սխալ որոշումին պատճառով:
Սակայն ցարդ յստակ չէ, թէ ան քանի՛ մրցումով որակազրկուեցաւ:


