
Պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար Պարսելոնայի հետ իր գործող պայմանագրութիւնը երկարաձգելէ ետք ժամանակաւորապէս պիտի դառնայ ակումբին ամէնէն շատ վարձատրուող ֆութպոլիստը:
«Մարքա»-ի համաձայն, նոր պայմանագիրով 24 տարեկան պրազիլցին տարեկան պիտի ստանայ 15 միլիոն եւրօ, որուն վրայ կ՛աւելնայ 10 միլիոն եւրօ յաւելավճար: Իսկ Մեսսի կը ստանայ 22 միլիոն եւրօ:
Կը կարծուի, որ Պարսելոնա-Նէյմար նոր պայմանագիրի երկարաձգումը տեղի պիտի ունենայ 21 հոկտեմբերին:
Նշենք, որ Պարսելոնա նոր պայմանագիր կ՛ուզէ կնքել նաեւ Մեսսիի հետ:


