
«Քատենա ՍԵՐ» կը հաղորդէ, որ Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ յաջորդ շաբաթ նոր պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ արքայական ակումբին հետ:
Նախապէս շրջանառութեան մէջ դրուած էին տարաձայնութիւններ, թէ 31 տարեկան Ռոնալտօ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգելէն ետք տարեկան պիտի ստանայ 23 միլիոն եւրօ, ինչ որ 2 միլիոն եւրօ աւելի է այժմու իր աշխատավարձէն:
Նշենք, որ անոր այժմու պայմանագրութիւնը ուժի մէջ է, մինչեւ 2018:
Ան այս տարեշրջանին «Լա Լիկա»-ի 5 մրցումի մասնակցած է, նշանակած` 2 կոլ եւ 3 կոլի փոխանցում կատարած:


