Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ… ՔՍԱՆԱՄԵԱՅ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ, ՀԱԶԱՐԱՄԵԱՅ ԱԶԳ

October 3, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համայն հայութեան համար սեպտեմբերը տօնական ամիս եղաւ, քանի որ այդ ամիս հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու անկախութեան քսանամեակը: Տակաւին երկու տասնամեակ առաջ հայերը չունէին անկախ պետութիւն մը: Այժմ անոնք ունին երկու եւ անհամբեր կը սպասեն այն օրուան, երբ երկու պետութիւնները պիտի միանան երրորդին` Արեւմտեան Հայաստանին` հաստատելով Միացեալ Հայաստանի Հանրապետութիւնը:

Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը 19-20 սեպտեմբեր 2011-ին Երեւանի մէջ կազմակերպեց սփիւռքի կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ համայնքներու ղեկավարներուն համահայկական համաժողովը, որ համախմբած էր 50 երկիրներէ աւելի քան 500 մասնակիցներ, ներառեալ` Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքական եւ կրօնական առաջնորդները: Ասիկա, իսկապէս, ամբողջ աշխարհի ականաւոր հայերու վերամիաւորումն էր:

Համաժողովը ունէր չորս հիմնական թեմաներ` լեզուի եւ կրթութեան հիմնախնդիրներ, երիտասարդութեան հիմնախնդիրներ, Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի եւ Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան զարգացման հարցեր: Խօսք առնողներէն ոմանք օգտուեցան այս առիթէն, որպէսզի մատնանշեն անկախութենէն 20 տարի ետք դեռ գոյութիւն ունեցող լուրջ բացթողումները:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, իբրեւ ազգի մեծագոյն տագնապ, առանձնացուց արտագաղթը. «Մեր թշնամին ուզեց Հայաստանը առանց հայերու տեսնել,- նշեց ան եւ աւելցուց.- այսօր մենք մեր ձեռքերով կը հայաթափենք Հայաստանը»: Նորին սրբութիւնը նաեւ դատապարտեց երկրին մէջ գերիշխող «կոռուպցիա»ն, որ կը պաշտպանէ «յղփացած փոքրամասնութիւնը»:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան յանդիմանեց պետական պաշտօնեաները տակաւին շարունակուող աղքատութեան, անգործութեան, թերաճ տնտեսութեան, ընկերային անապահովութեան, անարդարութեան, արտօնեալ քրէական խաւի սանձարձակութեան, փտածութեան եւ արտագաղթի պատճառներով: Ան նաեւ քննադատեց զանոնք Հայ-թրքական չարաբաստիկ արձանագրութիւններէն իրենց ստորագրութիւնը ետ չվերցնելու համար:

Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ, տարածաշրջանային յանձնախումբերու գործունէութեան մասին թեմաթիք նիստի ընթացքին (զոր վարողներէն մէկը ես էի), մասնակիցները առաջարկեցին պատրաստել ցեղասպանագէտներու, օսմանագէտներու, թրքագէտներու եւ միջազգային իրաւունքի փորձագէտներու նոր սերունդ: Անոնք նշեցին, որ ժամանակն է Հայոց ցեղասպանութեան հարցէն հատուցման հարցի բարձրացմանը անցնելուն, եւ պէտք է Թուրքիոյ դէմ բողոքներ ներկայացնել միջազգային եւ տեղական դատարաններու մօտ:

Հայաստանի մէջ ես ցնծութեան բազում պահեր ապրեցայ, սակայն նաեւ ունեցայ որոշ հիասթափութիւններ: Անկախութեան օրուան առթիւ զօրահանդէսը համայն հայութեան ուշադրութեան կեդրոնը կը գտնուէր: Զօրահանդէսին կը հետեւէր աշխարհասփիւռ հայութիւնը` կանգնած Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակը կամ նստած այլուր, պատկերասփիւռին առջեւ: Մեր քաջարի զինուորներուն անվերջ շարասիւնը եւ արդիական հրասայլերու, հրթիռներու, ռազմական օդանաւերու եւ ուղղաթիռներու տողանցքը իւրաքանչիւր հայու սիրտ կը լեցնէին արդար հպարտութեամբ եւ կը յառաջացնէին պաշտպանուածութեան խոր զգացում` յաճախ սպառնացող մեր թշնամիներէն: Աւելի ուշ, երեկոյեան, հարիւր հազարաւոր հանդիսատեսներ ականատես եղան բարձր արհեստավարժութեամբ յատուկ լազերային ցուցադրութեան, որ Հայաստանի պատմութեան գլխաւոր դրուագները կը սփռէր Հանրապետութեան հրապարակի հանդիպակաց շէնքերու պատերուն վրայ:

Այս տարուան զօրահանդէսին առաջին անգամ ցուցադրուած տեղական արտադրութեան չորս անօդաչու օդանաւերը գրաւեցին շատերուն ուշադրութիւնը, յատկապէս, քանի որ Արցախի զինուած ուժերը վերջերս ոչնչացուցած էին ազրպէյճանական անօդաչու օդանաւ մը, զոր Ազրպէյճանը գնած էր Իսրայէլէն:

Զօրահանդէսը անակնկալ մը եւս մատուցեց. կին զինուորներուն խումբը` գնդացիրներով, որ կամաւոր կերպով անցած էր ծառայութեան` ամբողջութեամբ տղամարդոցմով կազմուած հայկական բանակին մէջ: Երթով անցաւ նաեւ կրօնական հանդերձներով զինեալ ուժերու եկեղեցական դասը:

Անկախութեան տօնակատարութիւններուն յատուկ փայլք հաղորդեցին երկու այլ իրադարձութիւններ: Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանին մէջ հանդիսաւոր կերպով բացուեցաւ նոր մասնաշէնքը, որուն կառուցումը մեծաւ մասամբ հովանաւորած էր ռուսահայ գործարար Սերգէյ Համբարձումեանը: Այս առիթով, Միհրան Մինասեան` սահմանափակ միջոցներ ունեցող համեստ անձնաւորութիւն մը  Սուրիոյ Հալէպ քաղաքէն, Մատենադարանին նուիրաբերեց աւելի քան 1000 արժէքաւոր ձեռագիրներ եւ էջեր, զորս ան մեծ դժուարութեամբ հաւաքած էր իր ամբողջ կեանքին ընթացքին:

Երկրորդ կարեւոր իրադարձութիւնը, որ տեղի ունեցաւ սեպտեմբեր ամսուն, Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանի արդիական չափանիշներու համապատասխանող վերջնագիծին բացումն էր: Նոր համալիրը կրնայ տարեկան սպասարկել մինչեւ 3.5 միլիոն ճամբորդի` կրկնապատկելով օդակայանին կարողականութիւնը: Այս մեծածախս ծրագիրը կեանքի կոչուեցաւ արժանթինահայ գործարար Էտուարտօ Էռնեկեանի կողմէ, որուն ղեկավարած «Արմէնիա միջազգային օդակայաններ» ընկերութեան յանձնուած է օդակայանին կառավարումը:

Երկու տհաճ երեւոյթներ. անկախութեան օրը համահայկական համաժողովի մասնակիցներուն բաշխուած որոշ վերնաշապիկներուն վրայ նկատելի էր «Պատրաստուած է Թուրքիոյ մէջ» (Made in Turkey) անակնկալի բերող պիտակը: Վերնաշապիկները զարդարուած էին «2011 – Հայաստանը դու ես» լոզունգով: Շփոթի մատնուած պաշտօնեաները այս հանգամանքը բացատրեցին անով, որ վերնաշապիկները նուիրուած էին գործարարի մը կողմէ: Աւելի զարմանալին այն էր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին երկու նախագահները չմասնակցեցան անկախութեան օրուան որեւէ ձեռնարկի: Անկախ անկէ, թէ անոնք ինչպէ՛ս կը պատճառաբանէին իրենց բացակայութիւնը, ասիկա լուրջ բացթողում մըն էր երկրի երկու նախագահներուն կողմէ, որոնք ղեկավարած են Հայաստանը անկախութեան 20 տարիներէն 17-ին ընթացքին:

Հակառակ երկրին առջեւ ծառացած բազմաթիւ խնդիրներուն` բոլոր հայերը միահամուռ երդուեցան պաշտպանել եւ պահպանել իրենց հայրենիքը ամէն տեսակի չարիքներէ եւ ջանք չխնայել` ապահովելու համար Հայաստանի ու Արցախի մէջ իրենց հայրենակիցներուն բարեկեցութիւնն ու բարգաւաճումը:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Նախորդը

ԻՆՔՆՈՐՈՇՈՒՄԻՑ ԴԷՊԻ ՃԱՆԱՉՈՒՄ. ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ՍՈՒՏԱՆԻՑ ՅԵՏՈՅ ԵՒ ՊԱՂԵՍՏԻՆԻՑ ԱՌԱՋ

Յաջորդը

ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԽՕՍՔԸ. ՔՍԱՆԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԻՆ ՆՇՈՒՄԸ ԱՒԵԼՈՐԴ ԷՐ, ԵԹԷ…

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.