Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Շաւարշ Քոչարեանի Համանախագահներու Մօտեցման Պատճառով Է, Որ Պաքուն Կը Սաստկացնէ Անյարգալից Կեցուածքը

October 10, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

kocharian_10916

Իլհամ Ալիեւի արձագանգը հետեւանք է այն բանին, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրները երկար ժամանակ է, որ կը  հանդուրժեն անոր սադրիչ հռետորաբանութիւնն ու գործելաոճը: Մեկնաբանելով Ազրպէյճանի նախագահին արձագանգը ղարաբաղեան տագնապին շուրջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի յայտարարութեան վերաբերեալ` ըսած է Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան:

Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարարին ձեւակերպումով,  համանախագահներու այդ մօտեցման պատճառով է, որ Ալիեւի մօտ կ՛ամրապնդուի ամենաթողութեան զգացումը, ու Պաքու աւելի  կը սաստկացնէ իր անյարգալից կեցուածքը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու եւ անոնց առաջարկներուն նկատմամբ:

«Ազրպէյճան ոչ միայն կը հրաժարի կեանքի կոչել Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի վեհաժողովներուն բանակցութիւններու յառաջ մղումին համար անհրաժեշտ պայմաններու ստեղծման նպատակով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները, այլեւ փաստացիօրէն կը մերժէ տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման` համանախագահող երկիրներուն  կողմէ առաջարկուած հիմնարար սկզբունքները», արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուական ծառայութեան հաղորդումով «Նիուզ»-ին ըսած է Շաւարշ Քոչարեան:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրին, ելոյթ ունենալով Ասպենի հիմնարկին եւ «Աթլանթիք» պարբերականին կողմէ  Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցող տարեկան  համաժողովին, յայտարարած էր, որ Ղարաբաղի հարցին յստակ լուծումներ տակաւին չեն ուրուագծուած:

«Այսօր աշխարհին մէջ սառեցուած տագնապներ կան` օրինակ Լեռնային Ղարաբաղը, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ, որուն պարագային այս պահուն յստակ լուծում չէ ուրուագծուած, որովհետեւ առաջնորդները պատրաստ չեն, որովհետեւ կողմերուն միջեւ առկայ է լարուածութիւն: Անոնք բարդ տագնապներ են, բայց լուծման ճամբայ կարելի է գտնել, եթէ  մարդիկ որոշակի համալիր լուծումներ ընդունին: Ես կը կարծեմ, որ իսրայէլեան-պաղեստինեան տագնապը նոյնպէս այդ հասկացողութեան  մէջ կը մտնէ: Մարդիկ պէտք է պատրաստ ըլլան ընդունելու որոշակի լուծումներ», նշած է արտաքին գործոց նախարարը:

Քերրիի այս յայտարարութիւնը Ալիեւը որակած էր Հայաստանին ցուցաբերուած աջակցութիւն. «Այն ժամանակ, երբ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի նախագահները բազմիցս պնդած են, որ սթաթիւս քոն անընդունելի է, կարելի չէ երկու կողմերը հաւասարապէս մեղադրել տագնապը չլուծելու համար, ատիկա Հայաստանի զաւթողական քաղաքականութեան աջակցութիւն է»:

Նախորդը

Նախագահ Բակօ Սահակեանը Մասնակցած Է Բերքի Տօնին

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեանը Քաղաքաշինութեան Եւ Զբօսաշրջութեան Պետական Կոմիտէներ Ստեղծելու Մասին Հրամանագիր Ստորագրած Է

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.