«Թերթ.ամ» կը հաղորդէ, որ Վրաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը ներկայացուցած է խորհրդարանական ընտրութիւններու նախնական արդիւնքները, որոնց համաձայն, իշխող «Վրացական երազանք» կուսակցութիւնը ստացած է 519.243 ձայն կամ քուէներուն 49,92 առ հարիւրը, իսկ ընդդիմադիր Միացեալ ազգային շարժումը` 277.721 ձայն կամ քուէներուն 26,7 առ հարիւրը:
Խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցող միւս քաղաքական ուժերը չեն յաղթահարած 5 առ հարիւրի շեմը: Ինչ կը վերաբերի մեծամասնական ընտրակարգով առաջադրուած թեկնածուներուն, ապա 50-է աւելի տեղամասերու մէջ տեղի պիտի ունենայ ընտրութիւններու 2-րդ փուլ, որովհետեւ թեկնածուներէն ոչ մէկը յաղթահարած է 50 առ հարիւրի շեմը:
Ախալցխա-Ատիկենի ընդհանուր ընտրատեղամասերուն մէջ տեղի պիտի ունենայ ընտրութեան 2-րդ փուլ: Ախալցխայի մէջ, ուր հայազգի թեկնածու չէր առաջադրուած, համամասնական համակարգով Միացեալ ազգային շարժումը ստացած է քուէներուն 40,93 առ հարիւրը, իսկ «Վրացական երազանք»-ը` 46,67 առ հարիւրը:
Մեծամասնական ընտրակարգով Միացեալ ազգային շարժումի թեկնածու Վաժա Չիտաշվիլի ստացած է քուէներուն 44,92 առ հարիւրը, իսկ նախկին քաղաքապետ, իշխանութեան թեկնածու Կիորկի Քոպածէ, 35,88 առ հարիւրը:
Հետեւաբար, 50 առ հարիւրի շեմը չյաղթահարելու պատճառով նշանակուած է ընտրութիւններու երկրորդ փուլ:
«Թերթ.ամ» Ախալքալաքի Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբէն տեղեկացած է, որ Ախալքալաքի շրջանի թիւ 46 ընտրատարածքին մէջ յառաջատարը «Վրացական երազանք»-ն է:
89 ընտրատեղամասերէն յայտնի են 39 ընտրատեղամասերու արդիւնքները, համաձայն որոնց, «Վրացական երազանք»-ի թեկնածու Հենզել Մկոյեան ստացած է քուէներուն 66,54 առ հարիւրը:
Միացեալ ազգային շարժում կուսակցութենէն առաջադրուած Արսէն Կարապետեան ստացած է քուէներուն 17,49 առ հարիւրը: Ըստ նախնական տուեալներու, 18 մեծամասնական եւ 36 համամասնական ընտրատեղամասերու մէջ տեղի պիտի ունենայ ընտրութիւններու 2-րդ փուլ: