Հայաստանի 2017 թուականի պետական պիւտճէով կը նախատեսուի 7,3 միլիառ դրամով նուազեցնել պետական պիւտճէի ծախսերը: Կառավարութիւնը 29 սեպտեմբերի նիստին հաստատած է յաջորդ տարուան պիւտճէի նախագիծը, որով օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններուն, պետական կառավարման, ֆինանսական եւ հարկապիւտճէական եւ արտաքին յարաբերութիւններուն համար պիտի յատկացուի 78,8 միլիառ դրամ` 2016-ի 86,1 միլիառ դրամին փոխարէն:
Հայաստանի Հանրապետութեան 2017 թուականի պետական պիւտճէն պիտի կազմէ` եկամուտներու բաժինով` 1,21 եռիլիոն դրամ, ծախսերու` 1.360 եռիլիոն դրամ, պակասուրդը` 150 միլիառ դրամ:
Պետական պիւտճէի նախագիծով գործուղումներուն տրամադրուող գումարները նուազած են 150 միլիոն դրամով կամ 30 տոկոսով` 500 միլիոնէն վերածուելով 350 միլիոնի: Պատուիրակութիւններու ընդունելութիւններու բաժինով եւս նախատեսուած է յատկացուող գումարը 350 միլիոնէն նուազեցնել 200 միլիոնի:
14 սեպտեմբերին վարչապետ Կարէն Կարապետեան խորհրդարանին մէջ յայտարարած էր, որ տնտեսութեան վիճակը շատ ծանր է, անհրաժեշտ է կատարել համակարգային փոփոխութիւններ. «Մեր տնտեսութեան վիճակը շատ ծանր է, չափազանց ծանր: Եթէ կ՛ուզենք տնտեսութեան մէջ փոփոխութիւն ընել, անհրաժեշտ են համակարգային փոփոխութիւններ: Յստակ քայլերու պիտի ձեռնարկենք` ընկերային լարուածութեան նուազեցման, նաեւ գործառնութիւններու զարգացման առումով»: