Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնի նախագահ Քիրսան Իլիումժինով հրաւիրեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպաման, նախագահի թեկնածուներ Տանըլտ Թրամփը եւ Հիլըրի Քլինթընը` ներկայ գտնուելու Նիւ Եորքի մէջ 11-30 նոյեմբերին տեղի ունենալիք ճատրակի աշխարհի ախոյեանի տիտղոսի մրցումին, որ իրարու դէմ պիտի հանէ աշխարհի գործող ախոյեան, նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսընն ու ռուս Սերկէյ Քարիաքինը:
2015 թուականի նոյեմբերին Քիրսան Իլիումժինով Սուրիոյ ղեկավարութեան հետ կապեր ունենալու մեղադրանքով ներառուած էր Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութեան պատժամիջոցային ցուցակ: 2016 թուականի մայիսին, Իլիումժինով իր արժանապատուութեան եւ հեղինակութեան պաշտպանութեան դատական հայց ներկայացուց Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութեան դէմ, Ուաշինկթընի դատարան: Իլիումժինով նաեւ փափաք յայտնեց ստանալու Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիութիւն, այդ երկրին մէջ դատավարութեան մասնակցելու համար եւ նամակով դիմեց Պարաք Օպամային: :