Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան 21 սեպտեմբերին ներկայ գտնուած է Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 25-րդ տարեդարձին առիթով «Կարէն Դեմիրճեան»-ի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցած «Անկախութեան սերունդ» խորագիրով տօնական համերգին:
Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ նախագահը դիտել տուած է, որ դժուար, սակայն պատուաբեր ուղի եղած է 25-ամեայ երթը, որուն ընթացքին գրեթէ ոչինչէն կարելի եղած է կառուցել անկախ ու ժողովրդավարական երկիր, իսկ ժողովուրդը բոլոր փորձութիւնները յաղթահարեց յատուկ տոկունութեամբ, իմաստութեամբ, աշխատասիրութեամբ ու խիզախութեամբ, կարելիութիւն գտաւ պաշտպանելու Հայաստանն ու Արցախը, զարգացնելու տնտեսութիւնն ու հասարակական կեանքը:
Նախագահ Սարգսեան շեշտը դրած է անկախութեան սերունդին վրայ` նշելով, որ 25 տարիներուն ընթացքին հասակ նետած է այնպիսի սերունդ մը, որուն համար Հայաստանի քաղաքացի ըլլալը ո՛չ միայն ճակատագիր էր, այլեւ պատիւ, որուն համար ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան սկզբունքները մտածողութեան եւ աշխարհընկալման հիմքեր են, որ պատրաստ է կռուելու հայրենիքի պաշտպանութեան համար: Առ այդ, ան շատ կարեւոր նկատած է սերունդներ պատրաստելը, որովհետեւ անոնք են, որ փառք պիտի բերեն Հայաստանին:
Նախագահ Սարգսեան դիտել տուած է, որ անկախութեան սերունդը ունի բարձր չափանիշներ եւ բարձր պահանջներ, նաեւ` դժգոհութիւն, բողոք որովհետեւ կ՛ուզէ ապրիլ աւելի լաւ երկրի մը մէջ, կ՛ուզեն ապրիլ աւելի ազատ, աւելի օրինական, աւելի բարեկեցիկ երկրի մը մէջ` չարտօնելով, որ աւագ սերունդի ներկայացուցիչները կորսնցնեն զգօնութիւնը` խթանելու համար բարեփոխումներու կշռոյթը: Ըստ անոր, այսօր երկիրը կ՛ընթանայ ժողովրդավարական կայունութիւն կառուցելու շատ բարդ, բայց ամէնէն հեռանկարային ուղիով:
Հայաստանի նախագահը հաստատած է, որ 25 տարիները բաւարար էին գիտակցելու, որ ծագած մարտահրաւէրները կը լուծուին միայն անձնական ուժերով ու ճիգերով: «Անկախութեան սերունդը կու գայ աստիճանաբար ստանձնելու այդ պատմական պատասխանատուութիւնը: Ան օտարի աչքին փուշը տեսնելէ առաջ կը խօսի մեր աչքի գերանին մասին: Ասիկա ճիշդ ճանապարհ է, որովհետեւ մեր բոլոր խնդիրներուն լուծումները մեր մէջ են: Որքան հասուն ըլլանք իբրեւ հասարակութիւն, այնքան աւելի արագ կը լուծենք մեր հարցերը», շեշտած է նախագահը:
Անդրադառնալով բարեփոխումներու նոր, արագընթաց փուլին` Սերժ Սարգսեան զանոնք նկատած է որակապէս նոր պետութիւն կառուցելու ուղի, ուր յաջողութեան կարելի է հասնիլ միասնական ճիգերով: