Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 25-ամեակին առիթով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յղած է հետեւեալ յատուկ ուղերձը` շնորհաւորելով անկախութեան տօնը:
Նախագահ Պարաք Օպամայի ու Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին անունով իմ շնորհաւորութիւններս կը յղեմ հայ ժողովուրդին` անկախութեան 25-ամեակին առիթով, որ պիտի նշուի 21 սեպտեմբերին:
Միացեալ Նահանգներ մեծապէս կ՛արժեւորեն Հայաստանի եւ ձեր բոլորին հետ իրենց ջերմ բարեկամութիւնը: Վերջին քառորդ դարուն Հայաստան մեծ յառաջընթաց ունեցած է, եւ իմ երկրիս կառավարութիւնը պատրաստ է շարունակելու սերտօրէն աշխատիլ ձեզի հետ` աջակցելու բարեկեցութեան, ամուր ժողովրդավարական հաստատութիւններուն, իրաւունքի գերակայութեան ու շրջանային խաղաղութեան կայացման ընդհանուր նպատակներուն: Մենք կը գնահատենք Հայաստանի հետեւողական օժանդակութիւնը միջազգային խաղաղապահ գործողութիւններու արդիւնաւէտութեան ապահովման իմաստով ու սուրիացի գաղթականներու ճգնաժամին արձագանգելու առումով ունեցած յառաջատար դերակատարութիւնը: Մենք նաեւ երախտապարտ ենք Միացեալ Նահանգներու մէջ կենսունակ եւ մեծ ձեռքբերումներու հասած ամերիկահայ գաղութին ներկայութեան համար:
Այս գեղեցիկ տօնին առիթով լաւագոյն մաղթանքներս կը յղեմ հայ ժողովուրդին, կը մաղթեմ խաղաղութիւն ու բարօրութիւն յառաջիկայ տարուան համար: